Լիբանանեան-Հայաստանեան Բարեկամութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դեսպան Աթաբէկեանին

Աշխարհ, Հայաստան

Լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան եւ երեսփոխան Սելիմ Աուն, 11 Ապրիլին այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ այս այցելութիւնը տրուեցաւ Լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ եւ կը միտէր աշխուժացնել երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու ռազմավարութիւն մը, որուն նպատակն է ստեղծել ամուր ու գործօն կամուրջ մը երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ: