Պատրիարքական Ընտրութիւններու Գործընթացը Պիտի Սկսի Ս. Զատիկէն Անմիջապէս Ետք

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ, Չորեքշաբթի, 3 Ապրիլին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Խորհրդակցական մարմինի ժողով: Նորին սրբազանութեան աղօթքով բացուեցաւ նիստը, որուն օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին համայնքային զանազան այժմէական նիւթեր:

Առաջին հերթին անդրադարձ կատարուեցաւ  Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի վախճանման, յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման՝ մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւններուն: Ընդգծուեցաւ, որ արտասահմանէն փութացած հոգեւորական կամ աշխարհական հիւրերը գնահատած են արարողութիւններու կարգապահութիւնը: Ժողովականները գնահատանքով արտայայտուեցան նաեւ Կարգադիր յանձնախումբի եւ անոր զօրակցած երիտասարդներու կողմէ տարուած աշխատանքին շուրջ:

Խորհրդականները համամիտ էին, որ նոր սերունդի ներկայութիւնը լաւատեսութեան առիթ մը եղած է մեր համայնքի ապագային տեսակէտէն:

Խորհրդակցական մարմինը քննեց Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագիրը: Ժողովականները վերահասու դարձան սրբազանին կողմէ այս հարցին շուրջ գործադրուած հետեւողական ջանքերուն:  Այժմ արդէն սկսած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը, որ ներկայ կանխատեսումներով պիտի տեւէ շուրջ տարի մը: Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յատկացումով, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան յանձնուած է գործնական պատասխանատուութիւնը: Արամ արք. Աթէշեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան ծրագրին համար կազմակերպուած մրցոյթով աշխատանքները վստահուած են այն նոյն շինարարին, որ քանի մը տարի առաջ իրականացուցած էր այս եկեղեցւոյ հիմնական վերանորոգութիւնն ու բարեկարգումը: Սրբազանը կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին անձամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն, աշխատանքները պահել ուշադրութեան կեդրոնին եւ պարբերական այցելութիւններով տեղւոյն վրայ հետեւիլ ընթացքին:

Նոյն ժողովին ընթացքին խորհրդականները ամփոփ գիծերու մէջ քննեցին անցեալ շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով Շիշլիի եւ Պաքըրգիւղի մէջ մեր համայնքէն չորս դէմքեր մաս կազմած են քաղաքապետական խորհուրդներուն: Այդ անուններն են՝ Մարգրիտ Տիքմէ, Սելինա Տողան, Վազգէն Պարըն եւ Արէտ Թաթլըտիլ:

Խորհրդակցութեան տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան համայնքային ընտրութիւններու վերաբերեալ խնդիրներ: Աթէշեան սրբազանը տեղեկացուց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պիտի սկսի Ս. Զատիկէն անմիջապէս վերջ, երբ աւարտած պիտի ըլլայ նաեւ քառասնօրեայ սուգի շրջանը: Տաղաւարի յաջորդող օրերուն պիտի գումարուի Կրօնական ժողովը, որուն կողմէ որդեգրուելիք ուղղութեան զուգահեռ դիմում պիտի կատարուի պատկան իշխանութիւններուն: Հաշուի առնելով ընտրութեան հեռանկարը՝ Խորհրդակցական մարմինը յարմար դատեց համայնքէն ներս վերաշխուժացնել ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման գործընթացը: Ժողովականները համամիտ գտնուեցան, որ այս աշխատանքը կենսական նշանակութիւն ունի մեր համայնքի տեսակէտէն ու պէտք է յառաջ տարուի բծախնդրութեամբ, հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ:

Խորհրդակցական մարմինը կարեւոր նկատեց նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած շրջաբերականը, որմով կը նախատեսուի փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու կազմերը համալրել նշանակովի դրութեամբ: Նկատի ունենալով խնդրին նուրբ բնոյթը՝ որոշուեցաւ Խորհրդակցական մարմինի յաջորդ ժողովի ընթացքին մանրամասն շօշափել այս նիւթը: