Խարբերդի Սուրբ Գէորգ Հայկական Եկեղեցին Վերականգնելու Կոչ Հնչած է

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ արեւելեան Էլազըղ (պատմ. Խարբերդ) նահանգի Շահինքայայ գիւղին մէջ գտնուող Սուրբ Գէորգ հայկական վանական համալիրը կործանման եզրին է: Այս մասին կը տեղեկացնէ ermenihaber-ը:

Յայտնի է, որ մօտ 1500 տարուան պատմութիւն ունեցող Սուրբ Գէորգ վանական համալիրը երիտթուրքերու ժամանակաշրջանէն մինչեւ այսօր պարբերաբար ենթարկուած է գանձագողերու յարձակումներուն ու աւերածութիւններուն:

Թրքական աղբիւրը անդրադարձած է ատոր եւ ընդգծած, որ եկեղեցին յատկապէս վերջին տարիներուն գանձագողերու աւերածութիւններուն կ՛ենթարկուի:

Մասնագէտները կը ցանկան վերականգնել պատմական հայկական եկեղեցին եւ  զայն դարձնել զբօսաշրջութեան կեդրոն:

Ֆըրաթ համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի դասախօս, փրոֆէսոր Եուքսել Ասլանթաշը նշած է, որ նմանատիպ կառոյցները պէտք է վերականգնուին:

«Սա հայկական եկեղեցի է: Ան շահաւէտ է զբօսաշրջութեան համար: Կարելի է որպէս թանգարան եւ հնագիտական պուրակ շահագործուիլ»,- ըսած է Ասլանթաշ:

Մասնագէտին խօսքով` Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կրնայ վերականգնուիլ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր վերականգնել Խարբերդի Քըզըլ (թրքերէնէ թարգմանաբար` կարմիր) եկեղեցին:

Ասլանթաշը յայտնած է. «Քաղաքները արդէն զբօսաշրջութեան տեսանկինէ մշակոյթ, սնունդ եւ երաժշտութիւն կը վաճառեն: Եթէ կատարուին անհրաժեշտ աշխատանքները, ապա կը կարծեմ ատիկա մեծ ներդրում պիտի ըլլայ մեր նահանգի տնտեսութեան մէջ»: