Հնդկաստանի Մէջ Վերականգնուած է 300 Տարուան Հայկական Ցուցանակը

Աշխարհ, Սփիւռք

Վերջերս Հնդկաստանի Սայտապետ քաղաքին մէջ վերականգնուած է 300 տարեկան հայկական ցուցանակը, այս մասին կը հաղորդէ The Times of India-ն:

Ցուցանակը, որ կը յիշատակէ 1726-ի Մարմալոնգ կամուրջի կառուցումը Այտար գետի վրայ` հայ վաճառական, Մատրասի մէջ հայ համայնքի առաջնորդ Խոճա Պետրոս Ոսկանի կողմէ, յայտնուած էր գետնի տակ: Սակայն այժմ, Հայաստանի հիւպատոսարանը, քաղաքի ղեկավարութեան հետ համատեղ ջանքերով, կրցած է վերականգնել զայն իր նախնական տեղը:

«Փետրուարին 20 հոգինոց խումբ մը այցելած է քաղաք ու տեսած ցուցանակը»,-ըսած է Չեննայի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս Շիւկումար Իշւարան ու նշած, որ ցուցանակը գրեթէ անցած էր գետնի տակ:

Նախորդ շաբաթ արդէն ցուցանակը վերականգնուած է` վերամբարձ կռունկի միջոցով: Կը նշուի, որ ցուցանակը պաշտօնապէս պիտի բացուի Մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններէն ետք: