Հայաստան Մարդասիրական Օգնութիւն Ուղարկեց Իրան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն` տեղի ունեցած ջրհեղեղէն տուժածներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար:

ԱԻ նախարար ֆելիքս Ցոլակեան յայտնեց, որ մարդասիրական օգնութեան տարբերակներէն ընտրուած է գոյքային օգնութիւնը:

«Մենք կ՛ուղարկենք վերմակներ, մահճակալներ եւ վրաններ: 4000 վերմակ, 250 մահճակալ, 30 վրան: Մենք մեքենայով օգնութիւնը պիտի հասցնենք մինչեւ Թաւրիզ, ուրկէ «Կարմիր մահիկ» կազմակերպութիւնը պիտի ստանձնէ եւ տնօրինէ գոյքը»,- ըսած է Ցոլակեան:

Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյետ Քազեմ Սաջատին նշած է, որ ջրհեղեղի աղէտալի վտանգը դեռ կայ, եւ հայկական կողմի մարդասիրական քայլը շատ գեղեցիկ ու խորհրդանշական է:

«Բնական աղէտները անկանխատեսելի են, եւ ինչպէս տարիներ առաջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը բնական աղէտի ժամանակ օգնութեան ձեռք մեկնեց հայ ժողովուրդին, այնպէս ալ հիմա Հայաստանը կ՛օգնէ Իրանին»,- նշած է դեսպանը:

Իրանի մէջ ջրհեղեղի պատճառով աւելի քան 70 մարդ զոհուած է: Բնական աղէտի հետեւանքով տուժած է աւելի քան 1900 քաղաք ու գիւղ: