IBM Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Գործունէութիւն Ծաւալելու Լուրջ Հեռանկարներ Կը Տեսնէ

Աշխարհ, Հայաստան

 

Հայաստանի Հանրապետութեան փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Յակոբ Արշակեան ընդունած է Ռուսիոյ եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ IBM ընկերութեան տնօրէն Իրիս Ճէպայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ինչպէս կը յայտնէ ՀՀ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը, ողջունելով հիւրերը`  նախարարը անդրադարձած է բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, հայաստանեան արհեստագիտութիւններու գործարարութեան միջավայրին ու ոլորտի զարգացման ուղղուած ՀՀ կառավարութեան տեսլականին:

Յակոբ Արշակեան ներկայացուցած է Հայաստանի արհեստագիտական ներուժը, նշած հայ մասնագէտներու իւրայատուկ ընդունակութիւններն ու կարողութիւնները, անոնք աւելի կիրառելի դարձնելու անհրաժեշտութիւնը ու այդ ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները: Նախարարը ընդգծած է startup-երու կարեւորութիւնը, միջազգային շուկաներու մէջ անոնց գործունէութեան հեռանկարները: Ան հիւրերուն ծանօթացուցած է «Ինժեներական քաղաք» (ճարտարագիտական քաղաք), տարածաշրջանային «Տուեալներու կեդրոն» կառուցելու ծրագիրներուն, «Ազգային վենչուրային հիմնադրամ» ստեղծելու նախագիծի մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած է հայ ճարտարագէտներու ներուժը արհեստական բանականութեան, ուսողութեան, բնագիտութեան, միքրօէլեկտրոնիքայի եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Իրիս Ճէպան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, նշած է, որ Հայաստանի մէջ աշխատանքային լայն գործունէութիւն սկսելու հեռանկարներ կը տեսնեն եւ պատրաստ են քննարկելու համագործակցութեան հնարաւոր բոլոր տարբերակները: Ան ընդգծած է, որ յատկապէս հետաքրքրուած են իւրօրինակ գաղափարներ ունեցող երիտասարդ սթարթափերու գործունէութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի թուային օրակարգի, նորարարութեան շարք կը ծրագիրներ ներգրաւելու, Ճարտարագիտական համալսարանին մէջ IBM-ի կեդրոն հիմնելու, համագործակցութեան այլ շրջանակներ ու ծրագիրներ:

Կողմերը պայմանաւորուած են ներկայացուած բոլոր ուղղութիւններով յառաջիկային ոլորտի մասնագէտներու մասնակցութեամբ կազմակերպել աւելի ընդգրկուն ու մանրակրկիտ քննարկումներ: