Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի Օծման եւ Բացման Արարողութիւնը

Հայաստան

Ապրիլ 7-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Տաճարի օծման եւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

Արցախի մայրաքաղաքին մէջ մայր տաճար ունենալը եղած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի գաղափարը: Իրականացնելու համար այդ գաղափարը՝ դիմում եղած է շարք մը բարերարներու: Առաջինը արձագանգած է յայտնի բարերար` երջանկայիշատակ Հրանդ Վարդանեանը, որ եւ կատարած է սկզբնական ամենախոշոր նուիրատւութիւնը: Եկեղեցւոյ կառուցման ֆինանսաւորումը շարունակած են Հրանդ Վարդանեանի որդիները` Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները: Վարդանեան ընտանիքը Ստեփանակերտի Մայր Տաճարի կառուցման համար, ընդհանուր առմամբ, նուիրաբերած է 400 միլիոն դրամ:

Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթի մէջ: