Դիտարկումներ. Յու­սադ­րիչ Քայ­լեր, Ո­րոնք Պէտք Չէ Կանգ Առ­նեն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յա­ճախ կ­՚ը­սո­ւի ու կը գրո­ւի, թէ սփիւռ­քի հայ կեան­քը նա­հան­ջի մէջ է։ Ա­ւե­լի՛ն, ա­րեւմ­տա­հե­րէ­նը այն­քան վտան­գո­ւած է այ­լեւս, որ ա­նոր նա­հան­ջը ա­հա­զանգ պէտք է հնչեց­նէ բո­լո­րիս հա­մար, անխ­տիր։
Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը Unescoի կող­մէ վտան­գո­ւած լե­զու­նե­րու կար­գին դա­սու­մը պար­զա­պէս՝ ե­րե­ւոյ­թի մը հաս­տա­տումն է եւ ու­րիշ ո­չի՛նչ։ ­Կա­րե­լի չէ սպա­սել մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն եւ մար­մին­նե­րէն մեր լե­զուն փրկել, ե­թէ մենք՝ որ­պէս ազգ եւ ժո­ղո­վուրդ, ա­նոր պահ­պահ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը չենք զգար։

Մեր լե­զուն ա­մէն տեղ հնչեց­նե­լու, ա­նով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու բաղ­ձան­քը կրնանք ապ­րու­մի վե­րա­ծել միայն այն պա­րա­գա­յին, ե­թէ հա­մո­զո­ւած ենք, թէ մեր ըն­տա­նիք­նե­րէն սկսեալ՝ պէտք է հա­յե­րէն խօ­սիլ մեր զա­ւակ­նե­րուն հետ եւ ա­նոնց պէտք է հա­յե­ցի կրթու­թիւն տալ, այլ ո՛չ թէ օ­տար դպրոց­նե­րու «շքե­ղու­թիւն»ը փո­խա­րի­նէ մեր ար­ժէք­նե­րը։ Ա­կումբ յա­ճա­խող­նե­րը պէտք է զգան ի­րենց սե­փա­կան օ­ճա­խին մէջ հա­յե­րէն խօ­սե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, տա­կա­ւին՝ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ժո­ղո­վա­կան սե­ղան­նե­րու շուրջ նստած՝ ազ­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րու լու­ծում­ներ կը փնտռեն, պար­տին այդ ո­րո­նում­նե­րը ը­նել միա՛յն հա­յե­րէն լե­զո­ւի գոր­ծա­ծու­թեամբ, եւ մա­սամբ նո­րին։

Ա­հա, ու­րեմն, այս մտա­հո­գիչ մթնո­լոր­տին մէջ, «Ա­զատ Օր»ը իր Ուր­բաթ՝ 8 ­Մար­տի թի­ւի ա­ռա­ջին է­ջին վրայ լոյս ըն­ծա­յած էր լուր մը, որ մեր լե­զո­ւի նա­հան­ջի մութ սե­նեա­կին մէջ ա­ղօտ լոյս մը սփռեց։
Կը կար­դանք — «Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի 6րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը միա­ցան Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն խմբագ­րու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ա­շա­կեր­տա­կան այս խմբա­կը իր «խմբագ­րա­կան ա­ռա­ջին փոր­ձա­ռա­կան քայ­լե­րը սկսաւ Ո­ւի­քի­փե­տիա­յի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն Ո­ւի­քի­դա­րան բաժ­նին մէջ՝ ­Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի «Ազ­գա­յին ջո­ջեր» գիր­քի թո­ւայ­նա­ցո­ւած տար­բե­րա­կի սրբագ­րու­թեամբ»:

Ո­ւի­քի­փե­տիան առ­ցանց հան­րա­գի­տա­րան է, որ բո­լոր լե­զու­նե­րով գո­յու­թիւն ու­նի հա­մա­ցան­ցի վրայ։ ­Յատ­կան­շա­կան է՝ ա­մէն փա­փա­քող կրնայ մաս­նա­կից ըլ­լալ ա­նոր խմբագ­րու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ ո­րոշ կա­նոն­նե­րու կի­րար­կու­մով։

Հայ­կա­կան Ո­ւի­քի­փե­տիա ալ գո­յու­թիւն ու­նի, ո­րուն պա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ հա­յոց լե­զո­ւի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն բա­ժին­նե­րով։ Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բաժ­նի աշ­խա­տան­քը կը հո­վա­նա­ւո­րո­ւի ­Կիւլ­պէն­կեան հիմ­նար­կու­թեան կող­մէ։

Այս­պէս, սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու կող­քին, նաեւ մեր գա­ղու­թի վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին նմա­նօ­րի­նակ փոր­ձի մը, աշ­խա­տանք կա­տա­րե­լով թո­ւայ­նա­ցած գրու­թեանց վրայ՝ յատ­կա­պէս հա­յոց գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս ծա­նօթ գո­հար­նե­րու վրայ սրբագ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով։

Իւ­րա­յա­տուկ ար­ժէք մը ու­նի այս աշ­խա­տան­քը։ Դպ­րո­ցին մէջ հա­յե­րէն լե­զո­ւի ա­ռօ­րեայ ու­սուց­ման կող­քին, հայ ա­շա­կեր­տը՝ ըլ­լայ դա­սա­րա­նէն ներս կամ իր տան հան­գիս­տին մէջ, հայ լե­զո­ւով զբա­ղե­լու յա­ւե­լեալ ա­ռիթ­ներ կը ստա­նայ։

Միա­ժա­մա­նակ՝ ա­նոր առ­ջեւ կը բա­ցո­ւի հայ գրա­կա­նու­թեան աշ­խար­հը։

Ե­թէ վար­ժա­պե­տը փոր­ձէր հայ գիր­քեր ըն­թեր­ցե­լու ա­ռիթ­ներ բա­նալ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն առ­ջեւ, դա­սա­կան ձե­ւը հրա­պու­րիչ չէ այ­լեւս։ ­Պատ­ճա՞­ռը։ ­Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու հո­լո­վոյ­թին մէջ՝ գիր­քի ըն­թեր­ցա­նու­թեան ա­մա­յու­թիւ­նը։

Ո՞վ գիրք կը կար­դայ այ­սօր, մա­նա­ւա՛նդ՝ ան­ցեա­լի թա­փով։ Ե­թէ չա­փա­հաս­նե­րը շա­րու­նակ կը շրջա­գա­յին ա­ռանց ի­րենց ե­րե­սը վերց­նե­լու ի­րենց անձ­նա­կան հե­ռա­ձայն­նե­րուն վրա­յէն, ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է նոյ­նը չդի­տել մատ­ղաշ սե­րուն­դի ե­րե­խա­նե­րուն մօտ, ո­րոնց հա­մար հե­ռա­ձայ­նը ի­րենց մարմ­նի ան­բա­ժան մաս­նի­կը ըլ­լա­լու ե­րե­ւոյ­թը կու տայ։

Ս­խալ չհասկ­ցո­ւին այս գրո­ւած­նե­րը։ Ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թեան վրայ մուր շպրտե­լու ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ չեն։

Պար­զա­պէս՝ մե­րօ­րեայ ե­րե­ւոյթ­նե­րը մատ­նան­շե­լու փորձ մըն են։

Ու­րեմն, ին­չո՞ւ ար­դի ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը չգոր­ծա­ծել հայ լե­զո­ւի զար­գաց­ման հա­մար։ Ին­չո՞ւ չմտա­ծել, որ այս աշ­խա­տան­քը մնա­յուն դաս­տիա­րակ­չա­կան բնոյթ կրնայ ստա­նալ մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յակր­թու­թեան, ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման եւ դաս­տիա­րակ­ման ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։

Ե­կէ՛ք օ­րի­նակ­նե­րով խօ­սինք։

Հա­յե­ցի կրթու­թեամբ զբա­ղող մար­մին­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը կրնան այս ծրա­գի­րը ընդ­լայ­նել եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծել միջ­նա­կար­գի ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար, երբ պա­տա­նե­կան տա­րի­քի մտա­յին աշ­խար­հը ա­ւե­լի կը զար­գա­նայ ու ա­նոնք կը սկսին հար­ցե­րը ա­ւե­լի լաւ ըմբռ­նել։

Ս­կաու­տա­կան մեր մաս­նա­ճիւղ­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, փո­խա­նակ միայն սկաու­տա­կան կա­պե­րու եւ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թեան բա­րիք­նե­րը սոր­վեց­նե­լու մեր մատ­ղաշ­նե­րուն, ի­րենց հա­ճե­լի ծրա­գիր­նե­րու կող­քին, ա­նոնք կրնան զար­գաց­նել նաեւ հայ լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թեան հետ կապ ու­նե­ցող նմա­նօ­րի­նակ ծրա­գիր­ներ։

Պա­տա­նե­կան ու Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րը եւս՝ հայ­րե­նա­սի­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ ­Հայ ­Դա­տի նիւ­թե­րու շօ­շափ­ման ու ար­ծարծ­ման կող­քին, նման ծրա­գիր­նե­րով կրնան զգա­լիօ­րէն ազ­դել նաեւ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­յե­ցի զար­գաց­ման եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան վրայ։

Ի՞նչ կրնանք շա­հիլ այս բո­լո­րէն։

Կը կար­ծեմ, թէ նախ՝ ոչ մէկ վնաս պի­տի ու­նե­նանք։

Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ ո՞վ պի­տի չու­զէր հպար­տա­նալ իր զա­ւա­կով, ո­րուն շրթնե­րէն սա­հուն կեր­պով պի­տի դայ­լայ­լէ հա­յոց մես­րո­պա­շունչ լե­զուն, կամ՝ հայ գիր­քի աշ­խար­հը պի­տի դառ­նայ ա­նոր մնա­յուն եւ թան­կա­գին բա­րե­կա­մը։

Հա­յոց լե­զո­ւի պահ­պա­նու­մը բո­լո­րիս սե­փա­կան գործն է։ ­Չենք կրնար մսխել մեր ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րու ժա­ռան­գը։

ԴԻՏՈՂ

«Ազատ օր», Յունաստան