Մեսրոպ Պատրիարք Հօր Թաղման Կարգը Տեղի Պիտի Ունենայ Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ծանօթ է բոլորիս, թէ՝ Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հօր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 Մարտ 2019, Կիրակի, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Այս առթիւ մեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու եւ մերազն ժողովուրդի ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ կէտերը, որոնք սահմանուած են Կարգադիր Յանձնախումբի ժողովի որոշումով։

Ա) Կը խնդրուի ծաղկեպսակ չուղարկել եւ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն ընել բարենպատակ հաստատութեանց։ Անոնք, որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն կատարել Պատրիարքական Աթոռոյ Յովակիմ Լումայի Սնտուկին, հաճին օգտագործել հետեւեալ հաշուեհամարը՝ TÜRKİYE ERMENİLERİ PATRİKLİĞİ (T.İŞ BANKASI- KURTULUŞ Şb., Hesap no: 1032-0637386, IBAN: TR81 0006 4000 0011 0320 6373 86)

Բ) Պատրիարքարանի փողոցը երթեւեկի փակուած պիտի ըլլայ։ Անոնք որոնք, տրամադրուած են իրենց անձնական ինքնաշարժերով Գումգաբու գալ, բարեհաճին իրենց ինքնաշարժերը թողուլ մերձաւոր կառատան մէջ։

Գ) Յուղարկաւորութեան արարողութեանց մասնակիցներուն կը թելադրուի, մուգ գոյնով պատշաճ զգեստներով ներկայ ըլլալ եկեղեցւոյ մէջ։

Դ) Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակիցներուն կը թելադրուի նաեւ, Կարգադիր Յանձնախումբի կողմէ նշանակուած արարողակարգային պատասխանատուներուն ցուցմունքներուն հետեւիլ։

Ե) Երանաշնորհ Պատրիարք Հօր, թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։ Եկեղեցիէն Շիշլի երթուդարձի համար սահմանուած փոխադրամիջոցները կարգաւ պիտի գտնուին ծովեզերեայ ճանապարհին դէպի Ենիգաբու ուղղութեան վրայ։

Զ) Եկեղեցի եւ Գերեզմանատան մուտքերուն, կը թելադրուի, բջիջային հեռախօսները անձայն վիճակի մէջ պահել։

Է) Կը թելադրուի, յուղարկաւորութեան եւ Թաղման արարողութեանց ընթացքին, արարողութեանց լրջութիւնը չխանգարելու համար, բջիջային հեռաձայններ չգործածել նկարահանման համար։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւն