Հայ Դատը Հայաստանի Եւ Արցախի Համար Առնուազն 70 Միլիոն Տոլարի Աջակցութիւն Տրամադրելու Կոչ Կ՛ընէ

Հայաստան

Երեքշաբթի, 12 Մարտին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Րաֆֆի Գարագաշեան վկայութիւն մը տուաւ Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբի Պետական, արտաքին գործողութեանց եւ յարակից ծրագիրներու ենթայանձնախումբին առջեւ, կոչ ընելով՝ 2020-ի պետական ամավարկին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն առնուազն 70 միլիոն տոլարի օժանդակութիւններ նկատի ունենալու։

Րաֆֆի Գարագաշեան շեշտեց, թէ Հայաստանի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած սահմանադրական եւ քաղաքական բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ ազատ եւ արդար ընտրութիւններուն լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգերու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները աւելիով պէտք է սերտացնել՝ աւելցնելով, որ ժամանակը հասած է աւելի գործնականօրէն նեցուկ կանգնելու «Հայաստանի անկախութեան ամրապնդման, ժողովրդավար Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու եւ Հայաստանը վտանգուած գաղթականներու համար ապահով ապաստանարան պահելու ջանքերուն»։

Ան յիշեցուց, որ Արցախին տրամադրուած ամերիկեան ուղղակի օժանդակութիւնները արդէն իսկ փաստած են, որ նման աջակցութիւններ կարեւոր ներդրումներ են շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու աշխատանքներուն համար՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Արցախի տրամադրուելիք նիւթական աջակցութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ Կովկասի մէջ ամերիկեան շահերը պաշտպանելու ու ամերիկեան արժէքները ջատագովելու ջանքերուն։

Րաֆֆի Գարագաշեան ներկայացուց գլխաւորաբար հետեւեալ առաջարկները.

– 30 միլիոն տոլարի տնտեսական աջակցութիւնը Հայաստանի, նպաստելու համար այսուհետեւ ուղղակի օժանդակութիւններու փոխարէն, Հայաստանի տնտեսութեան առետրական կապերու սերտացումով աջակցելու ջանքերուն.

– 10 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն Հայաստանին՝ նպաստելու համար անոր խաղաղապահ ծրագիրներուն.

– 20 միլիոն տոլարի աջակցութիւն Երեւանի իշխանութեանց, Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն նպաստելու համար.

– 6 միլիոն տոլարի աջակցութիւնը Արցախի մէջ ականազերծման եւ վերականգնողնական ծրագիրներուն.

– 4 միլիոն տոլար՝ քոնկրեսականներ Ռոյս եւ Էնկըլի առաջադրած զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն, յատկապէս՝ սահմանին վրայ կրակողներուն աղբիւրը բացայայտող համակարգերու տեղադրման համար։

Րաֆֆի Գարագաշեանի վկայութեան տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/vsJoR8-ymrg կայքէջը։

Նոյն ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուին նաեւ Արցախի մէջ ամերիկեան աջակցութեամբ ականազերծման գործունէութիւն մշակող «Հէյլօ Թրասթ»-ի, Ամերիկայի Հայկական համագումարի եւ Ամերիկացի-յոյներու հիմնարկին եւ համայնքային, մարդկային իրաւանց, առողջապահական ու բարեսիրական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները։ Իսկ աւարտին, Հայաստանի դէմ թունաւոր եւ յարձակողական պարունակութեամբ ելոյթ մը ունեցաւ Ատրպէյճանի բռնատէր կառավարութեան ներկայացուցիչը։