Խորհրդայինները Պարտադրեցին Հայերէնի «Աբեղեանական Ուղղագրութեան»… Սխալագրութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

 97 տարի առաջ, 4 Մարտին, Լենին-Քեմալ մեղսակցութեան զինու զօրութեամբ հազիւ «բազմած» Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան ղեկին՝ նորելուկ պոլշեւիկներու «Յեղկոմ»ը հրապարակեց տխրահռչակ հրամանագիր մը (դեկրետ), որուն միջոցաւ՝ ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումին լծուած նորաթուխ խորհրդայինները հայ ժողովուրդին պետականօրէն պարտադրեցին հայ լեզուի իրենց նախընտրած «աբեղեանական ուղղագրութեան»… սխալագրութիւնը:

Հակառակ խորհրդային դարաշրջանէն «ժառանգուած» ապազգայնացման ու այլասերման բեռէն մէկանգամընդմիշտ ձերբազատուելու իր յանդուգն քայլերուն, մեր օրերու վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս, ահա աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր, կը շարունակէ կառչած մնալ պոլշեւիկեան իշխանութեանց կործանարար այդ հրամանագիրին, որ կոչուած էր ամբողջացնելու հայոց ազգային անցեալին հետ խորհրդային խզումն ու հայութեան երկփեղկումը՝ մայրենիի ուղղագրութիւնը չարափոխելու ճամբով:

Ինչպէս խորհրդային ստրկամտութեան տասնամեակներուն, նոյնպէս եւ այսօր սակաւաթիւ են Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ Վարագ Առաքելեանի օրինակով հայ ազգային արժէքներուն փարած եւ պահապան կանգնող այն դրօշակիրները, որոնք հայ մտաւորականի իրենց կոչումին տիրութիւն ընելով՝ պատրաստ են, ի գին հալածանքի եւ շնորհազրկումի, յառաջ մղելու հայերէնի դասական՝ Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը վերականգնելու եւ մայրենին — արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն — միեւնոյն ուղղագրութեամբ սերունդներուն սորվեցնելու սրբազան պայքարը:

Եւ որքան ալ հեղինակաւոր հնչէ այսօրուան հայրենի ակադեմականներու վերապահութիւնը հայերէնի միասնական՝ Մեսրոպեան դասակա՛ն ուղղագրութիւնը վերականգնելու կոչերուն նկատմամբ, այսուհանդերձ՝ ազգովին կը շարունակենք դէմ յանդիման կանգնիլ աւելի քան 97 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այս կնճռոտ, այլեւ փշոտ հարցին համազգային ու վերջնական լուծում տալու մարտահրաւէրին:

1922-ին Հայաստանի նորահաստատ խորհրդային իշխանութիւնը շատ լաւ կը գիտակցէր, թէ ուղղակի հայութեան ողնաշարին կ՛ուղղէր իր հարուածը, երբ այդպէս՝ 4 Մարտին հրապարակուած հրամանագիր «դեկրետ»ով մը, պետականօրէն ու պաշտօնապէս հանրապարտադիր կը հռչակէր հայերէնի «նոր ուղղագրութիւն»ը:

Այսինքն՝ իբրեւ դասագիրք, գրական թէ գիտական երկեր կամ մամուլ — մինչ այդ հրատարակուած ազգի ամբողջ հարստութիւնը բառացիօրէն… — դուրս կը շպրտուէր շրջանառութենէ եւ գործածութենէ: Փոխարէնը՝ հայ մարդոց ու մանաւանդ նորահաս սերունդներուն կը պարտադրուէր պոլշեւիկեան գաղափարախօսական նախասիրութեանց վրայ հիմնուած՝ նոր ուղղագրութեամբ մը կարդալ եւ սորվիլ… հայ լեզուն ու գրականութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու ընդհանրապէս հայերէնով դասաւանդուող ուսումնական առար-կաները սկզբնապէս «ա-բեղեանական» յորջորջուած, աւելի ուշ «հայաստանեան» անուանուած եւ այսօր արդէն «պոլշեւիկեան» նկատուող այդ ուղղագրութիւնը, նոյնիսկ եթէ լեզուաբանական ու գիտական առումով հիմնաւոր որոշ նախադրեալներ ունէր, այսուհանդերձ՝ պետականօրէն պարտադրուելով՝ էապէս եւ գերազանցապէս քաղաքական սադրանքի մը իրագործման ծառայեց:

Հայ ժողովուրդին հայրենաբնակ եւ տարագիր զանգուածներուն երկփեղկումը խորացնելու ծառայող պառակտի՛չ քայլ էր «նոր ուղղագրութիւն»ը, որուն միջոցաւ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը մահացու հարուած հասցուց — ազգային պետականութեան կորուստէն ետք — հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու ճիգերուն:

Օրին իսկ բուռն եղաւ ընդդիմութիւնը «սխալագրութիւն» խարանին արժանացած «դեկրետային» այդ ուղղագրութեան դէմ: Ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին ազգային-քաղաքական անհաշտ պայքար ծաւալեցաւ ազգային մեր միասնականութեան սպառնացող վտանգին դէմ, այլեւ նոյնինքն Խորհրդային Հայաստանի մէջ գիտական ազդու ընդդիմախօսութիւն թափ առաւ նորամոյծ «ուղղագրութեան» նկատմամբ:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան հսկաներէն մէկը հանդիսացող Մանուկ Աբեղեանի լեզուագիտական հիմնաւորումները չարաշահելով՝ յառաջ քշուեցաւ «դեկրետային ուղղագրութեան» պարտադրումը Լենինի ձեռնասուններուն կողմէ:

Մինչ Աբեղեանին կը յուզէր հայերէնի ուղղագրութիւնը պարզացնելու՝ «ինչպէս կը հնչենք, այդպէս ալ գրենք»ի տրամաբանութիւնը, խորհրդային նորահաստատ իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները հիմնովին այլ էին, պոլշեւիկեան դաւանամոլական ներշնչում ունէին, հայ ժողովուրդէն իր ազգային-պատմական յիշողութիւնը խլելու ծանրագոյն յանցագործութեան կը միտէին:

Միայն այդ ճամբով խորհրդայինները ի վիճակի կրնային ըլլալ Հայաստանն ու հայրենաբնակ հայութիւնը երկաթէ վարագոյրով անջատելու ամբողջական Հայաստանէն ու ամբողջական հայութենէն, որպէսզի դիւրանար հայրենի հողին ու ժողովուրդին ամբողջական համարկումը Խորհրդային Միութեան մէջ՝ իբրեւ էափոխուած մէկ մասնիկը խորհրդային «բազմազգ հայրենիք»ին ու «խորհրդային ժողովուրդ»ի խառնարան-կաթսային:

Նորելուկ «ուղղագրութեան» պաշտպանութեան եւ հիմնաւորումին համար պոլշեւիկներու ծաւալած ամբոխավարութիւնը, անշուշտ, առատօրէն օգտագործեց «ժողովրդային կրթութիւն», «գրաճանաչ հասարակութիւն» եւ «ժողովրդական մշակոյթ» հաստատելու, տարածելու եւ «զարգացնելու» կարգախօսները: Ամբոխավարական այդ աղմուկին մէջ, խորհրդայինները մէկ կողմէ ծայրայեղ կամակորութեամբ յառաջ տարին նոր սերունդին միայն իրենց «ուղղագրութիւն»ը սորվեցնելու տենդագին աշխատանքը՝ ընթերցող հասարակութիւնը նոր ուղղագրութեամբ տպագրուած գիրքերու հեղեղին տակ առնելով, իսկ միւս կողմէ անվարան դիմեցին ամէնէն բիրտ միջոցներով հալածանքի, բանտարկութեան եւ մինչեւ իսկ սպանութեան քայլերու, որպէսզի լռութեան մատնեն պաշտօնական ուղղագրութեան ընդդիմախօսները:

Շատ տասնամեակներ անցած են այդ օրերէն ասդին եւ 97 տարին, անշո՛ւշտ, «լիովին» բաւարար ժամանակ էր, որպէսզի ամբողջ սերունդներ թրծուէին պոլշեւիկեան «ուղղագրութեամբ», եւ որպէսզի հայ ժողովուրդին մերօրեայ բազմութիւնները դժուարանան ընկալելու Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ իրենց հրամցուած ազգային հոգեմտաւոր որեւէ ժառանգութիւն:

Անշո՛ւշտ, մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գիծ քաշել այդ բոլորին վրայ եւ… զերոյէն վերսկսիլ:

Բայց նաեւ այլեւս պէտք է սկսիլ անհրաժեշտ քայլերը նետելու Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը պետականօրէն վերականգնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի վերանկախացումով եւ հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով՝ հայ ժողովուրդի ինքնահաստատման ու ամբողջական ազատագրութեան երթը կը պահանջէ նաեւ յաղթահարումը ազգային մեր յիշողութեան դէմ ուղղուած պոլշեւիկեան մեծ սադրանքին, անոր շարունակուող հետեւանքներուն:

Հայերէնի Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգնումը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ վերանկախացեալ Հայաստանի 28-ամեայ Հանրապետութեան համար:

Մարտահրաւէր՝ որուն պատգամաբերները եղան հայ մտաւորականութեան արժանաւոր Մեծերը:

Չմոռնանք, թէ 97 տարի առաջ պոլշեւիկեան սուիններու ապաւինած Յեղկոմը պարզապէս արհամարհեց եւ լռութեան մատնեց բողոքի ձայնը նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծին՝ Յովհաննէս Թումանեանի, որ ի տես նորահաստատ խորհրդային իշխանութեանց կողմէ փութկոտ հրահանգով հայոց Մեսրոպեան ուղղագրութիւնը արգիլելու եւ Մանուկ Աբեղեանի մշակած խնդրայարոյց «ուղղագրութիւն»ը պետական պարտադիր օրէնքի վերածելու քայլին՝ 17 Մայիս 1922-ին յայտարարեց.-

«Ես՝ որպէս հայ գրող եւ հայ Գրողների միութեան նախագահ, գալիս եմ յայտնելու իմ զարմանքը եւ բողոքելու էն վերաբերմունքին դէմ, որ ունեցել է Հայաստանի Լուսժողկոմը էս կարեւոր խնդրում: Պարոն Մ. Աբեղեանը մի առաջարկ է արել ու դրել հրապարակ: Շատ լաւ:

Բայց Հայաստանի Լուսժողկոմը որտեղի՞ց է իմացել, թէ ե՛ւ Աբեղեանը, ե՛ւ ինքը Լուսժողկոմն էլ նրա հետ միասին անսխալական են, որ առանց քննութեան ենթարկելու առաջարկը, հրամանագրում է ընդունել եւ միայն դրանով գրել ու տպագրել:

Պարոն Աբեղեանի առաջարկը ընդունելի է թէ չէ, դա դեռ քննելիք խնդիր է, հետեւաբար Լուսժողկոմի հրամանը անընդունելի է: Եւ եթէ էսպէս է, ապա նրան՝ Լուսժողկոմին, մնում է ուղղել իր արած սխալը, յետ վերցնել իր արած կարգադրութիւնը, խնդիրը համարել բաց եւ դնել քննութեան»: