Արցախի Նկատմամբ Իսրայէլցի Զբօսաշրջիկներու Հետաքրքրութիւնը Կ՛աճի

Հայաստան

Արցախը նպատակ ունի 2019 թուականին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ 20-25 տոկոսի աճ ապահովելու:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ծրագիրներու եւ վերահսկողութեան բաժնի պետ Սերգէյ Սարգսեան նշած է, որ 2018-ին Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը կազմած է 28 հազար 588, որ 23 տոկոսով աւելի է 2017 թուականին համեմատ:

«Այժմ 2019 թուականին կը նախատեսենք 2018-ի համեմատ ապահովել 20-25 տոկոսվ աճ: Տարիէ տարի Արցախի նկատմամբ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը կ՛աւելնայ: Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ այցելութիւնները աշխուժացած են ոչ միայն զբօսաշրջային աւանդական շուկայ համարուող երկիրներէն, այլեւ այն պետութիւններէն, ուրկէ նախապէս  շատ քիչ զբօսաշրջիկներ կու գային»,-ըսած է Սարգսեան:

2018 թուականին Արցախ այցելած են 87 երկրէ: Հիմնականօրէն` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն, Չինաստանէն: Աննախադէպ այցելութիւն եղած է Իսրայէլէն: Եթէ նախապէս Իսրայէլէն Արցախ մինչեւ 10 հոգի կու գար, ապա 2018 թուականին այդ այցելութիւններու թիւը կազմած է 112:

Արցախ եկած զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնները շատ տարբեր են: Ոմանք կը նախընտրեն վայելել բնութիւնը, գիւղական զբօսաշրջութիւնը, մէկ մասը պատմամշակութային վայրերը, որոշները կու գան միջոցառումային զբօսաշրջութեան հետքերով կամ կը նախընտրեն կատարեալ հանգիստը: Ընդհանուր առմամբ, ամենաշատ կ՛այցելեն Ստեփանակերտը, Շուշին, Գանձասարը, Դադիվանքը, Ամարասը:

«Ոչ պակաս զբօսաշրջային արդիւնք է խոհանոցը: Զբօսաշրջիկները հիացած են արցախեան խոհանոցով: Արդէն գիտէք, որ յայտնի դարձած է ժենգեալով հացը, որ Արցախ այցելած իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ պարտադիր կը համտեսէ: Ատկէ բացի, հետաքրքրութիւն կը նկատուի գիւղական զբօսաշրջութեան նկատմամբ, երբ  զբօսաշրջիկները գիւղական վայրերու մէջ քանի մը օր կանգ կ՛առնեն զբօսաշրջային տուները` ճաշակելու տեղւոյն վրայ պատրաստուած ուտեստները, զգալու միջավայրը, տեսնելու այդ գոյները: Նոյնիսկ կերակրատեսակներու պատուերներ կու տան»,-ըսած է ան` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին հետաքրքրութիւն կը նկատուի Արցախի քոնեակի ու գինիի նկատմամբ: Զբօսաշրջիկները շատ կը հաւնին արցախեան բերք ու բարիքով պատրաստուած ոգելից խմիչքները:

Ոլորտի պատասխանուտները կը նշեն, որ ընթացիկ տարուան երկու ամիսը նոյնպէս աշխոյժ եղած է, ինչ որ կ՛ակնկալուի նաեւ յառաջիկային, մանաւանդ, որ այս տարի Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ չճանաչուած երկիրներու ֆութպոլի Եւրոպայի գաւաթի ախոյեանութիւնը: Ատիկա կ՛ենթադրէ հիւրերու մեծ հոսք, որ կը նպաստէ ենթակառուցուածքներու զարգացման, հիւրանոցներու, հիւրատուներու աւելնալուն, Արցախի ճանաչելիութեան բարձրացման:

«Ֆութպոլի դաշտերը կը վերակառուցուին, հիւրանոցները կ՛աւելնան, ծառայութիւններու որակը կը բարձրացնեն, ճանապարհները կը վերանորոգուին: Կ՛ակնալենք, որ այդ օրերուն մեր հիւրանոցները  ամբողջութեամբ լեցուն պիտի ըլլան»,-ըսած է ան:

Այս տարի Արցախի մէջ նախատեսնուած են շարք մը այլ ձեռնարկներ, որոնց ծիրէն ներս նոյնպէս կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու հոսք: Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենայ ամենամեայ ժենգեալով հացի փառատօնը, որուն նպատակն է ներկայացնել խոհանոցի իւրայատկութիւնները, նպաստել համայնքային կեանքի աշխուժացման ու համայնքներու զարգացման, ապահովել զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք դէպի Արցախ: Հանրութեան ներկայացնել ոչ միայն խոհանոցը, այլեւ Արցախի ազգային երգը, պարն ու արուեստը:

Սեպտեմբերին Արցախի մէջ պիտի իրականացուի «Արցախեան գինի փառատօն»-ը, երբ պիտի ներկայացուին Արցախեան գինեգործներու արտադրանքը: Փառատօնի բաղադրիչ մաս կազմող մշակութային ծրագիրը պիտի ներառէ երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ:

Անկախութեան օրը (Սեպտեմբեր 2) կը համարուի աւելի հանդիսաւոր տօներէն մէկը: Տօնական ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ամէն տարի Սեպտեմբեր 2-ին Վերածնունդի հրապարակին վրայո տեղի կ՛ունենայ մեծ համերգ, որուն կը մասնակցին արցախցի երգիչներ եւ Հայաստանէն եւ արտերկրէն հիւրեր: Տօնը կ՛աւարտի հրավառութեամբ:

Հոկտեմբերի երկրորդ Կիրակի օրը կը նշուի որպէս Գիւղատնտեսութեան օր: Ամէն տարի բերքի փառատօն կը կազմակերպուի նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Աւելի քան 200 վաճառողներ, Արցախի բոլոր շրջաններէն, կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը տօնավաճառ այցելող հազարաւոր յաճախորդներուն:

Փառատօններու եւ նման այլ ձեռնարկներու մասին ծանուցելու համար աշխատանք կը տարուի թէ՛ լրատուական դաշտի եւ թէ՛ զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ: Հիմնականօրէն զբօսաշրջային ընկերութիւնները տարուան սկիզբը արդէն տեղեակ կ՛ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող խոշոր ձեռնարկներու մասին: