Արցախի Մէջ Ժամկէտային Զինծառայող Մը Զոհուած է

Հայաստան

Մարտ 12-ի մօտ ժամը 06.50-ին Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու մարտական դիրքին մէջ հրազէնային վէրքէ զոհուած է 2000-ի ծնունդ ժամկէտային զինծառայող Կարէն Արտակ Կարապետեանը: Մահուան հանգամանքները դեռ պարզ չեն։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յատնեն, որ դէպքի մանրամասնութինները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: