Փալոն Արցախի Հետ Յարաբերութեան Դէմ Արգելքները Վերացնող Բանաձեւ Կը Ներկայացնէ Քոնկրեսին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հիմնադիր համաատենապետ Ֆրենք Փալոն եւ անոր գաղափարակից երկվեցեակ մը քոնկրեսականներ 7 Մարտին պաշտօնապէս Քոնկրեսին ներկայացուցին՝ «Միացեալ Նահանգներ-Արցախ ճամբորդութեան եւ հաղորդակցութեան բանաձեւ»ը:

Հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու աջակցութիւնը վայելող բանաձեւը կոչ կ՛ընէ՝ վերացնելու Արցախ այցելելու դէմ դրուած արհեստական արգելքները, Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ ազատ երթեւեկութիւն եւ անխափան հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակով:

Բանաձեւը կը վայելէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ամբողջական աջակցութիւնը, իսկ անոր համահովանաւորողներն են քոնկրեսականներ՝ Կաս Պիլիրաքիս (Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ), Ճեքի Սփիր (Հայկական համախմբումի համաատենապետ), Էտըմ Շիֆ (Հայկական համախմբումի փոխատենապետ), Սալուտ Քարպահալ, Ճուտի Չու, Տէյվիտ Սիսիլին, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա, Աննա Էշու, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Նափոլիթանօ եւ Պրետ Շըրմըն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց Արցախի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն դէմ կանգնեցուած պատերը քանդող Փալոնի այս օրէնսդրական քայլը՝ աւելցնելով, որ նման շփումներ հաստատելով՝ աւելի՛ արագ պիտի բացայայտուին Ատրպէյճանի բռնարարքները՝ տագնապին իրականութիւնը յստակ դարձնելով ամերիկացի պաշտօնատարներուն, նոյն ժամանակ արագացնելով խաղաղութեան հաստատումը։ Համբարեան այս կապակցութեամբ կոչ մը կատարեց Արցախի օդակայանէն, զոր կարելի է դիտել՝ այցելելով www.youtube.com/watch?time_continue=2&v=M9d0x3FYOJ8 կայքէջը։

Փալոն կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է աջակցին աշխարհի տարածքին ազատ երկխօսութիւն եւ կարծիքներու փոխանակում ապահովելու ջանքերուն՝ յիշեցնելով, որ ինք անձամբ ականատես դարձած է այն իրողութեան, որ Արցախ ունի ժողովրդավարական օրէնքները յարգող եւ յաջողած կառավարութիւն մը, որուն հետ յարաբերութեանց դիմաց Միացեալ Նահանգները կամ այլ երկիրներ արգելք պէտք չէ դնեն:

Նշենք, որ Փալոն քանի մը առիթներով Արցախ այցելած է եւ 20 Սեպտեմբեր 2017ին նաեւ ելոյթ մը ունեցած էր Արցախի խորհրդարանին մէջ։ Անոր այս վերջին այցելութեան ընեկրացած էին նաեւ քոնկրեսականներ Թուլսի Կապարտի եւ Տէյվիտ Վալատաօ։

Բանաձեւը լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն իրողութիւնը, որ Արցախի իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն նեցուկ կանգնած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյսի եւ նոյն յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան քոնկրեսական Էլիըթ Էնկըլզի կողմէ յառաջ մղուած այն պայմաններուն, որոնց նպատակն է սահմանային բախումները նուազեցնել:

Բանաձեւին՝ ձեր շրջանի քոնկրեսականին աջակցութիւնը ապահովելու համար՝ այցելել anca.org/USArtsakh կայքէջը: