Վախճանած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ, այսօր կէսօրին, վախճանած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։

«Ինչպէս ծանօթ է, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը՝ աւելի քան տասն տարիէ ի վեր՝ կը տառապէր «տեմանս»է եւ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բուսական կեանք կ՚ապրէր։ Բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածուած է եւ խոր ցաւ պատճառած է ամբողջ հայաշխարհէն, մանաւանդ պոլսահայ համայնքէն ներս։ Նորին Ամենապատւութիւնը 1998 թուականին բարձրացած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ դժբախտաբար իր գահակալութեան շրջանը բաւական կարճ եղած էր՝ անբուժելի հիւանդութեան հետեւանքով։ Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս կապակցութեամբ անմիջապէս կապ հաստատած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հետ եւ տեղեակ պահած՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ալ, այս իրադարձութեան կապակցութեամբ շարժման անցած է, որպէսզի Նորին Ամենապատւութեան վախճանման զուգահեռ անհրաժեշտ բոլոր կարգադրութիւնները կատարուին անթերիօրէն»,- կը հաղորդէ թերթը։

Ըստ աղբիւրին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի տեղեկութիւններով՝ Նորին Ամենապատւութիւնը ունեցած է անակնկալ սրտի տագնապ մը, որուն պատճառով կանգ առած է անոր սիրտը։