«Մանկութեան Օրեր Երազի Նման Անցաք Գնացիք, Այլ Չէք Դառնալու…»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Թամար Հերկելեան

Առտու կանուխ կ’արթննամ` մեծ մօրս խստասիրտ հոգածութեան յանձնուած աքաղաղին լայնաձիգ կանչով։ Է’հ, Հէ~յ աքաղաղ, կարօտս մեծ ճիգով կը քաշէ ձայնալարերդ եւ կ’ամրացնէ զանոնք ականջիս պատերուն. որքան որ կը հրճուիմ ատեն-ատեն դղրդացող լարերէդ, այնքան կը սոսկամ այսօրուան alarm- ներէն։

Օրուան պահերով լարուած` մեր տան դուռը քանի մը անգամ կը ճղրտայ։ Նախ, հայրս, արեւի առաջին շողերուն հետքերով` կը բռնէ արտերուն ճամբան, արդար աշխատանքի եւ բնութեան խորհուրդներու անեղծ ճամբան։ Ապա, մեծ հայրս, ծանր քայլերով եւ քիչ մըն ալ գաւազանին ապաւինելով` դուրս կ’ելլէ եւ կը պառկի տան մուտքին զետեղուած անկողինին, ուր իրեն կը փարի մոխրագոյն կատուն եւ միասնաբար, մեծ սիրով կը վայելեն «սարտին»-ի տուփերը ( կ’ուտին ու կ’իշփտվեն): Եթէ փնտռելու ելլենք մեծ մայրս, ապա ան կա’մ կը ջրէ փոշի կաթի թիթեղեայ տուփերուն մէջ ցանած իր գոյն- գոյն ծաղիկները, կա’մ իր ծանր աւելով բակի փոշին կը տարտղնէ, կամ ալ քանի մը հաւ կը թաթխէ ջուրով լեցուն «պարմիլ»-ին մէջ, որպէսզի թուխսի չնստին… «Շատցէուծըն, չէ պըր շինընք զիրընք» (Շատցած են, ինչ պիտի ընենք զիրենք):

Վերջապէս, մայրս, լուացքի ծանր կողովին հետ տան առօրեայ հոգերն ալ շալկած` տախտակէ սանդուխէն կը բարձրանայ տանիք։ Կը հետեւիմ իրեն։

Գարնանային արեւը իր ոսկեայ համբոյրով կը գգուէ բնութիւնը։ Զեփիւռը կը շոյէ անուշաբոյր լուացքը, որ կամաց-կամաց կը չորնայ ու կը թեթեւնայ` իրեն հետ թեթեւցնելով ձմրան տիղմով ծանրացած մարդկային հոգիները։ Հրա~շք գարուն` տխուր հոգիներու վրայ բացուող բարութիւն։

Հօ~յ, հօ~յ… յանկարծ կը լսեմ «Եզըտ» պապուկին առաւօտեան կանչը։ Կը նստիմ սանդուխին եւ աչքերս կը յառեմ դիմացի ժայռակոյտին։ «Եզըտ» պապուկին ժայռակոյտը, որ մեր մանկական խաղերուն եւ մարտահրաւէրներուն բեմն էր։ Մարտահրաւէրներ` մարդկային եւ ազգային մեր ինքնութիւնը կերտելու…վեր ելլել, ուղիղ կանգնիլ ժայռի մը վրայ, ցատկել եւ չվիրաւորուիլ, յանկարծ չգոռալ իրենց գլուխները ճեղքերէ դուրս ցցող մողէզներու երեսին, չէ որ անոնք արդէն շա~տ վախկոտ են…բայց եթէ դարանակալ օձերը դուրս գան` ինչպէ~ս գոռալ, փախչիլ, կամ…անոնց ճարին նայիլ։

«Եզըտ» պապուկը իր մէկ աչքին գնով տէր եղած էր այդ ամրութեան։ Այո, մէկ աչք ունէր, միւսը «գնդիկ» (ճինճըխ)էր. այդպէս լսած էինք եւ բնականաբար մեր աչքերով հետաքրքրուած ու զարմացած։ Մանկական միտքս որքա~ն հաշիւներով չարչրկած եմ` հասկնալու, թէ ինչպէ’ս մեր խաղի գնդիկներէն մէկը բարձրացած էր վեր եւ տեղ գտած անոր աչքի խոռոչին ծայրը…եւ չէր սահած փոսին մէջ։

Ի~նչ գիտնամ…

Մանկութեան օրեր…

Լուացքը կը չորնայ, մայրս թեթեւ կողովով ներս կը մտնէ։ Կը հետեւիմ իրեն եւ դուռը չգոցած` աչք մը կը նետեմ փողոցէն անդին…ա’լ չկար «Եզըտ» պապուկին ժայռակոյտ ամրութիւնը։

Մանկութեան օրեր երազի նման անցաք գացիք, բայց կը դառնաք…կը դառնաք, իբրեւ սփոփանք։