Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ Վերաօծումը Պիտի Կատարուի Ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սփիւռք

Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին, յատկապէս 2014էն սկսեալ` թիրախ դարձաւ ահաբեկչական խմբաւորումներու սաստիկ հռթիռակոծումներուն:

Թէեւ եկեղեցւոյ ներքնամասը մեծ վնասներու չենթարկուեցաւ, սակայն տարածքը` գլխաւոր մուտքը, զանգակատունը, պատմական Առաջնորդարանը, «Զարեհեան» գանձատունը, Ազգ. կեդրոնական գրադարան, «Ն. Աղբալեան» սրահ, ՀԵԿԴ պրոցներու բաժինը, շրջափակը մեծապէս վնասուեցան:

2016ի Դեկտեմբերին Հալէպի ազատագրութենէն ետք, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք.Սարգիսեանի՝ Թեմի Ազգ. վարչութիւնը նախաձեռնեց եկեղեցւոյ տարածքի վերաշինութեան գործը, երբ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հալէպի կատարած հովուապետական այցելութեան ընթացքին յայտատարեց Սուրիոյ հայ համայնքի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի հարամայականը՝ վերընդգծելով Հալէպի եւ տեղւոյն հայ համայնքի գրաւած անփոխարինելի տեղն ու դերը հայութեան համայնական կեանքէն ներս:

Եկեղեցւոյ վերաշինութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հիմնական չորս բաժիններ: Ա ռաջին փուլին սկսան գլխաւոր մուտքի, զանգակատան եւ եկեղեցւոյ ներքնամասի վերաշինութեան ու նորոգութեան աշխատանքները: Սրբազան հօր անմիջական հսկողութեամբ ու ցուցմունքներով, Ազգ. վարչութեան եւ Շինարարական յանձնախումբին հետեւողական հետապնդումով, տարբեր կողմերու նուիրատուութիւններով ու հաւատացեալ ժողովուրդին սրտաբուխ մասնակցութեամբ, արդէն իրականացած է առաջին փուլի ծրագիրը, եկեղեցւոյ պաշտօնական վերաօծումը պիտի կատարուի ձեռամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին,  30 Մարտ 2019ին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, եւ եկեղեցւոյ զանգի քաղցրալուր ղօղանջին հետ, հնադարեան սրբավայրը իր դռները լայնօրէն պիտի վերաբանայ հաւատացեալներուն առաջ, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը: