Թող Գարնանային Տօները Ուրախութիւն, Երջանկութիւն ու Յաջողութիւն Բերեն Բոլոր Կիներուն ու Անոնց Ընտանիքներուն. ՀՀ Նախագահը Շնորհաւորած է Կանանց Տօնը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Կանանց տօնին առիթով՝ ընդունելութիւն կազմակերպած է նախագահական նստավայրին մէջ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը նշած է, որ Մարտ 8-ը հրաշալի առիթ է բարձր տրամադրութեամբ շնորհաւորելու եւ մեծարելու մայրերը, մեծ մայրերը, քոյրերն ու աղջիկները, որոնք կը միաւորեն գեղեցկութիւնը, սէրն ու երջանկութիւնը:

Մարտ 8-ի եւ տօնական միամսեակի առիթով շնորհաւորելով ձեռնարկի մասնակից կիներն ու աղջիկները՝ Նախագահը ծաղիկներ յանձնած է անոնց՝ մաղթելով, որ գարնանային տօները ուրախութիւն, երջանկութիւն ու յաջողութիւն բերեն բոլոր կիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն:

Նախագահ Սարգսեան մեր երկրի բոլոր կիներուն եւ աղջիկներուն մաղթած է առողջութիւն, սէր ու ջերմութիւն, իսկ տղամարդոց յորդորած՝ կանանց տօները նշել ո՛չ թէ մէկ օր կամ մէկ ամիս, այլ՝ ամբողջ տարին: