Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Ուղերձը Կանանց Տօնին Առիթով

Այլեւայլ, Հայաստան

Լուսոյ Խորան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու սրտագին շնորհաւորանքները կը բերենք սիրելի տիկնանց եւ օրիորդաց՝ Մարտ 8-ի տօնին առիթով:

Գարնան այս բերկրաշատ տօնին բոլորիս սրտերը կը համակուին ուրախութեամբ եւ ջերմ զգացումներով՝ դէպի մեր մայրերն եւ քոյրերը: Անգնահատելի է ձեր դերն ու աւանդը, սիրելինե՜ր, ազգային, պետական ու հասարակական մեր կեանքին մէջ, եւ անփոխարինելի ձեր առաքելութիւնը՝ ընտանեկան յարկէն ներս ու սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:

Մեծարումի, գնահատանքի այս տօնական օրը Հայրապետիս մաղթանքն է, որ Ամենախնամ Տէրը Իր օրհնութեան ու շնորհներու ներքոյ պահպանէ ձեզ եւ զօրակից ըլլայ ձեր առաքինի գործերուն, որպէսզի բարի ընթացքով շարունակէք լուսաւորել մեր ժողովուրդի կեանքը, ուրախութիւն պարգեւէք ձեր ընտանիքներուն՝ ջերմութեամբ, հոգատարութեամբ եւ սիրոյ կատարեալ նուիրումով:

Կ՝աղօթենք, որպէսզի Բարձրեալն Աստուած Իր Ամենազօր Սուրբ Աջով միշտ հովանի ըլլայ ձեզի եւ ձեր ընտանեաց անդամներուն՝ պարգեւելով խաղաղ կեանքի բարօր ու երջանիկ օրեր:

Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն Տիառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ ձեզ, ընդամենեսեանդ. ամէն: