Յունաստանի Մէջ Տօնակատարութիւն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց

Սփիւռք

Սո­ղո­մոն Ի­մաս­տու­նի «­Գիրք ա­ռա­կաց»էն աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան այս գրու­թիւ­նը ա­ռա­ջին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը կը կազ­մէ, որ գրո­ւած է հա­յե­րէն տա­ռե­րով, քա­նի ան­կէ ա­ռաջ մին­չեւ 5րդ դար հայ ե­կե­ղե­ցին ու լե­զուն հա­յա­ցած չէին եւ չկար հա­յե­րէն սե­փա­կան գիր ու գրա­կա­նու­թիւն, հա­կա­ռակ որ հա­րիւր տա­րի ան­ցած էր այն թո­ւա­կա­նէն՝ երբ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ իբ­րեւ պաշ­տօ­նա­կան պե­տա­կան կրօնք ըն­դու­նո­ւած էր:
Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մի մա­սին հրա­պա­րա­կա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներն ու դպրո­ցա­կան հան­դէս­նե­րը տե­սակ մը ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր ա­ւան­դու­թեան ու 1036 նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կի յար­գան­քի կարգ ան­ցած են կան­խա­տե­սող շղթա­յի տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­դի­սու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին՝ ազ­գա­յին թէ քա­ղա­քա­կան ժա­մա­նա­կա­կից փոր­ձա­ռու­թեանց լոյ­սին տակ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­պա­տաս­խան խոր­հուրդ­նե­րու զու­գա­հեռ­ներ հան­դի­սադ­րե­լով ու վեր­լու­ծե­լով, ծան­րա­նա­լով ընդ­հան­րա­պէս՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վող ու ար­ժե­ւո­րող գո­յու­թե­նա­կան ազ­դակ­նե­րու առն­չո­ւած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու, մտա­ծո­ղու­թեան, խոս­տում­նե­րու ու ակն­կա­լու­թեանց վրայ:
Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը գեր­մարդ­կա­յին մա­հու կե­նաց կռո­ւի, քա­ջու­թեան, ու­րա­ցու­մի, դա­սալ­քու­թեան ընդ­հան­րա­կան մթնո­լոր­տի մը ար­տատ­պո­ւած ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, որ այն­քան հա­րա­զատ ու բո­ցա­վառ ներ­բո­ղու­թեամբ նկա­րագ­րո­ւե­ցաւ Ե­ղի­շէ պատ­մի­չի կող­մէ, ան­մա­հաց­նե­լով քա­ջե­րը, ան­մա­հաց­նե­լով Մա­մի­կո­նեան տոհ­մը, Ղե­ւոնդ Ե­րէ­ցը, Յով­սէփ Կա­թո­ղի­կո­սը եւ ան­սան­ձօ­րէն այժ­մէա­կա­նու­թեան գլու­խը պահ­պա­նե­լով «Ա­զա­տու­թիւն կամ մահ» ռազ­մա­գոչ խոր­հուր­դի նշա­նա­կու­թեան միշտ այժ­մէա­կան մնա­ցող ու չմա­շող ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած կամ­քի փաս­տին ստեղծ­ման ար­տա­յայ­տու­թեան գով­քը:
Վար­դա­նան­ցը պատ­մագ­րա­կանօրէն հա­մա­ժո­ղովր­դա­կա­նա­ցած պատ­մագ­րու­թիւն է, որ դի­մա­ցած ու ար­ժե­ւո­րո­ւած է դա­րե­րու մէջ, դա­րե­րու ըն­թաց­քին, հայ մար­դու մտքին ու հո­գիին մէջ ուռ­ճաց­նե­լով ա­զա­տու­թեան ու ըմ­բոս­տու­թեան գա­ղա­փա­րի ան­խախտ պահ­պա­նո­ւող ի­րեն վի­ճակո­ւած տա­րո­ղու­թիւ­նը:
Ա­ւա­րայ­րեան ի­մա­նա­լի խոր­հուր­դի ո­գիով է, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ «­Վար­դա­նանց» նո­ւի­րո­ւած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը եւ դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը՝ կազ­մա­կեր­պո­ւած Յու­նաս­տա­նի հայ կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. Պէ­զա­զեանի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը:
***
Սոյն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հինգ­շաբ­թի՝ 28 Փետ­րուար 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, հայ կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կից գտնո­ւող յու­նա­կան թատ­րո­նի սրա­հին մէջ, կո­կիկ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան:
Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան յանձ­նա­ռու խոր­հուր­դը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւած էին Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէն ու Ռ.Ա.Կ.ի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» Կո­մի­տէն, Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չի եւ «­Հա­մազ­գա­յին» Հայ Մ­շա­կու­թա­յին ու Կր­թա­կան Միու­թեան Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւն­նե­րը, «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը եւ «­Հայ Կեանք» երկ­շա­բա­թեայ թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը:
Ներ­կայ էին նաեւ յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը, հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ Գե­րա­պայ­ծա­ռը, հայ կա­թո­ղի­կէ Խորհր­դա­տու Մար­մի­նը, հո­գե­ւոր դա­սը եւ զա­նա­զան միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:
Օ­րո­ւան բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ տի­կին Նա­զիկ Սա­հա­կեան՝ ամ­փոփ կեր­պով անդ­րա­դառ­նա­լով օ­րուան հան­դի­սու­թեան ու խոր­հուր­դին:
Ա­պա գոր­ծադ­րու­թեան դրո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան պատ­շաճ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ա­ռա­ջին բա­ժի­նը, ուր Վար­դա­նանց մար­տա­կան ա­ւանդն ու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը հան­դի­սադ­րուե­ցան՝ «Լ­ռեց ամ­պե­րը» լի­նել չլի­նե­լու ճա­կա­տա­մար­տի մը պատ­գա­մի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ, ե­րաշ­խա­ւորո­ւած պա­րի ար­հես­տա­վարժ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ, յա­ջոր­դա­բար ալ 8 ար­հես­տա­վարժ յոյն ե­րի­տա­սարդ պա­րող­նե­րու կող­մէ եր­կու բաժ­նով, հա­մա­չափ ե­ռան­դով ու կո­րո­վով մեկ­նա­բա­նո­ւած տար­բեր տա­րազ­նե­րով 2 պա­րեր՝ «­Սուրբ-սուրբ» հո­գե­ւոր փնտռո­ւած եր­գի ե­րաժշ­տա­կան ներշն­չող հնչիւն­նե­րու հո­վա­նիին ներ­քոյ:
Յա­ջոր­դեց վի­տէօ ե­րի­զի մը սքան­չե­լի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, որ կը ներ­կա­յաց­նէր քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի Ա­ռա­ջին Պա­տե­րազ­մը՝ «­Վար­դա­նանց»ը, որ ո­գի ի բռին խո­րա­պէս կ­’ընդ­դի­մա­նար հա­յե­րը պարս­կա­կան զրա­դաշ­տա­կան կրօն­քին հպա­տա­կեց­նե­լու գե­րա­զան­ցա­պէս հե­րո­սա­կան դի­մադ­րու­թեան օ­րի­նա­չա­փու­թեան, 1036 նա­հա­տակ­նե­րը, Հա­յաս­տա­նը պարս­կա­կան ու բիւ­զան­դա­կան աք­ցա­նի տակ ա­ռած հայ­րե­նի հո­ղի բռնագ­րա­ւու­մը, եւ այդ պա­տե­րազ­մի ազ­դե­ցու­թեան բո­վէն ժայթ­քող պատ­գամ­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան ու ինք­նու­րոյ­նու­թեան պահ­պան­ման կառ­չած մնա­լու եւ մեր ազ­գա­յին գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­յող՝ Տղ­մուտ գե­տի կտրիճ­նե­րու ա­զա­տու­թեան ու հա­ւատ­քի կամ­քը դրսե­ւո­րող բա­րո­յա­կան յաղ­թա­նա­կի ո­գին:
Այս սքան­չե­լի վի­տէո­յի պատ­րաս­տու­թեան ներշն­չեալ հա­ղոր­դա­կան խօս­քը կը պատ­կա­նի ընկ. Կի­րա­կոս Մկր­տի­չեա­նին, իսկ վի­տէոյի ճա­շա­կա­ւոր պատ­րաս­տու­թիւ­նը՝ պա­րու­սոյց, երգ­չու­հի, պա­րող, ա­րո­ւես­տա­գէտ Ա­լիս Ֆ­րուն­ճեա­նին: Պարտք կը զգանք ա­ւելց­նե­լու, թէ վե­րեւ նշո­ւած ար­հես­տա­վարժ պա­րող­նե­րու 3 պա­րերն ալ ամ­բող­ջու­թեամբ հո­գա­ցած ու վա­ւե­րա­կա­նօ­րէն հո­վա­նա­ւո­րած է տի­կին Ա­լիս Ֆ­րուն­ճեա­նը:
Օ­րո­ւան հան­դի­սու­թեան վեր­ջին, բայց կա­րե­ւո­րա­գոյն բաժ­նով հան­դէս ե­կաւ տոքթ. Մկր­տիչ Մա­նու­կեա­ն, որ մօտ մէկ ժամ տե­ւող Վե­նե­տի­կի «­Մու­րատ Ռա­փա­յէ­լեա­նա­կան» բա­ցա­ռիկ հա­յե­րէ­նով, նիւ­թի վեր­լու­ծա­կան խոր­քի մաս­նա­գի­տա­կան ու պատ­մա­գի­տա­կան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով ու խօս­քի ի­մաս­տա­լից խտու­թեամբ ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեամբ վեր­լու­ծեց Ե­ղի­շէ պատ­մի­չի, Վար­դա­նան­ցի, Վա­սա­կի, Յազ­կեր­տի, Տիզ­պո­նի, պարս­կա­կան ու բիւ­զան­դա­կան տի­րա­պե­տու­թեան հա­մե­մա­տա­կան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու վա­ւե­րա­կան զու­գա­հեռ­ներով:
Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով պատ­մա­կան ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թեան սկզբունք­նե­րու ու սահ­մա­նում­նե­րու վրայ, բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն մեկ­նա­բա­նեց հան­ճա­րեղ «­Վար­դա­նանց խոր­հուր­դի» հա­մադ­րո­ւած կամ վերջ­նա­կան հա­մադ­րու­մի կա­րօտ վա­ւե­րա­կան, շե­ղած թէ մեկ­նա­բա­նո­ւած պատ­մա­կան հեր­թա­կան ազ­դակ­ներ, փոր­ձե­լով ա­ռանց ո­րե­ւէ կան­խար­գե­լիչ նա­խատ­րա­մադ­րու­թեան՝ մի­ջին եւ ու­ղիղ ճա­կա­տա­մար­տի մը ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րը մօ­տա­ւոր ու ըն­կա­լո­ւած եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով:
«­Տե­սա­բա­նա­կան» խմբա­ւո­րո­ւած վեր­լու­ծում­նե­րը վստա­հա­բար որ պատ­մագ­րա­կան ձե­ւա­կա­նու­թե­նէ մը ան­դին անց­նե­լով ու ա­նոնց դի­մագը­րա­ւե­լի տա­րազ ու տա­րա­զա­ւո­րում զգեց­նե­լու ան­կեղծ, այ­լեւ խրոխտ գա­ղա­փար­ներ դրսե­ւո­րե­լու ան­կեղծ ճի­գի ո­րո­նու­մը՝ պատ­մա­կան պար­կեշ­տու­թեան, հա­մար­ձա­կու­թեան ու հայ կեան­քի բա­զում հար­ցա­կան­նե­րուն հա­մո­զիչ պա­տաս­խան­ներ բիւ­րե­ղաց­նե­լու լուրջ ու պա­տաս­խա­նա­տու կե­ցո­ւածք կ­‘ակն­կա­լէ, ինչ որ փի­լի­սո­փա­յա­կան վե­հանձ­նու­թեամբ ըստ ա­մե­նայ­նի բժիշկ Մկր­տիչ Մա­նու­կեա­նը կա­տա­րեց պատ­մա­կան խիղ­ճի մտա­հո­գու­թեամբ, ո­րո­նող ճշդու­թեամբ, ո­գե­կո­չա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ, այ­լեւ գի­տա­կան խու­զար­կու հրա­տա­պու­թեամբ:
Հա­մա­գու­մա­րեալ ներ­կա­նե­րը ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն յոգ­նա­ծու­թեան ունկնդ­րե­ցին ի­րենց ա­ռա­ջին ան­գամ հրամ­ցո­ւող դա­սըն­թաց­քա­յին այս­պի­տի ո­րա­կա­ւոր վեր­լու­ծում մը:
Փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Գե­րա­պայ­ծառ Յով­սէփ Պէ­զա­զեան՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով նախ­կին յու­նա­հայ, Ի­տա­լիա ու­սա­նած ու Ֆ­րան­սա բնա­կող բա­նա­խօ­սին ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րին ի­րենց սի­րա­յօ­ժար ու բնա­տուր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած տի­կին Ա­լիս Ֆ­րուն­ճեա­նին ու բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն:
Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քի սրա­հին մէջ պատ­րաս­տո­ւած հիւ­րա­սի­րու­թեամբ:
Թղ­թակ­ցու­թիւ­նը կը փա­կենք են­թա­վեր­նա­գի­րի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի բա­ցատ­րու­թեամբ՝

«­Ճանչ­նալ ի­մաս­տու­թիւնն ու խրա­տը, ի­մա­նալ հան­ճա­րի խօս­քե­րը»:

Յ. Պ.