ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի ՆԱԹՕ-ի Համաժողովին

Հայաստան

Մարտ 5-էն 7 Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՛ունենայ Բարեվարքութեան ամրապնդման ամենամեայ համաժողովը (Building Integrity Conference), որուն մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ կը գտնուին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեանը եւ ՀՀ ՊՆ մարդու իրաւունքներու եւ բարեվարքութեան կեդրոնի պետ, գնդապետ Ալեքսանդր Աւետիսեանը:

«Բարեվարքութեան ներզօր կարողութիւններու եւ դիմակայուն հաստատութիւններու կառոյցին մէջ` յանուն գործընկերութեան հզօրացման» (Building Capable and Resilient Institutions to Strengthen our Partnership) խորագիրով համաժողովին կը քննարկուին Բարեվարքութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու մօտեցումները, արդիւնաւէտ պաշտպանական հաստատութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը, ինչպէս նաեւ առկայ խոչընդոտներն ու հնարաւորութիւնները:

Համաժողովին կը մասնակցի 32 պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 150 պատուիրակ: