Գործադիրը Հաւանութիւն Տուաւ Կառավարութեան Կառուցուածքի Մասին Նախագիծին

Հայաստան

Գործադիրը հաւանութիւն տուաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագծին եւ յարակից շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներու մասին օրէնքներու նախագիծերու փաթեթին:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմենփրես»-ը, արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան նշեց, որ կը նախատեսուի կառավարութեան հետեւեալ կազմը եւ կառուցուածքը`

Կառավարութիւնը կազմուած է վարչապետէ, երկու փոխվարչապետներէ եւ նախարարներէ:

Կառավարութեան կառուցուածքին մէջ կ՛ընդգրկուին հետեւեալ նախարարութիւնները.

1) աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը,

2) առողջապահութեան նախարարութիւնը,

3) արդարադատութեան նախարարութիւնը,

4) արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը,

5) արտաքին գործերու նախարարութիւնը,

6) կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը,

7) շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը,

8) պաշտպանութեան նախարարութիւնը,

9) տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարարութիւնը,

10) բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը,

11) տնտեսութեան նախարարութիւնը,

12) Ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

Կ՛ակնկալուի, որ կառավարութիւնը գործառնութեան իմաստով պիտի ունենայ աւելի արդիւնաւէտ կառուցուածք:

Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի հաստիքը, որու արդիւնքով 3 փոխվարչապետներու փոխարէն պիտի ըլլայ 2 փոխվարչապետ:

17 նախարարութեան փոխարէն պիտի սահմանուի 12 նախարարութիւն:

«Մշակոյթի նախարարութիւնը, մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին ստեղծելով Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն:

Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը ու Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին` ստեղծելով Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն: Վերջինիս պիտի փոխանցուին նաեւ Փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան` փոխադրամիջոդներու ոլորտին վերաբերող բոլոր լիազօրութիւնները եւ գործառոյթները: Նշուած նախարարութեան ենթակայութեան պիտի յանձնուի նաեւ Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէն:

Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնն ու Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին` ստեղծելով Տնտեսութեան նախարարութիւն»,- ըսած է Զէյնալեան:

Անոր խօսքով` Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի միաւորուի վարչապետի աշխատակազմին, ուր պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը: Միեւնոյն ժամանակ վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի հայեցողական պաշտօնը, որ պիտի իրականացնէ վարչապետի` սփիւռքի հետ կապուած քաղաքականութեան ապահովման եւ սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման լիազօրութիւններու իրականացման աշխատանքներու կազմակերպումը:

Նախագիծի ընդունման պարագային` պիտի ընդգծուի այն, որ վարչապետի թոյլտուութեամբ կառավարութեան նիստը ամբողջութեամբ կրնայ ընթանալ դռնբաց, իսկ կառավարութեան եւ վարչապետի որոշումներու յաւելուածները ստորագրելու իրաւազօրութեամբ պիտի օժտուի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը, ինչ որ իր հերթին էապէս պիտի բարելաւէ կառավարութեան եւ վարչապետի որոշումներու ընդունման յաջորդող գործընթացներու հնարաւորին չափ արագ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպումը: