Վեհափառն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները Քննարկած են ՀՀ-Սփիւռք Գործակցութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 2-ի երեկոյեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը, Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուող հարցեր։

ՀՅԴ ներկայացուցիչները՝ արծարծուած հարցերուն մասին՝ Վեհափառին փոխանցեցին կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները, յայտնելով համագործակցելու պատրաստակամութիւն՝ յանուն ազգային միասնականութեան։

 

ՀՅԴ հանրային կապերու գրասենեակ
03.03.2019թ.