Պահեցողութեան Լուսաւոր Խորհուրդը Կը Նորոգէ Մեր Կեանքը. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը

Uncategorized, Հայաստան

Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ մեր,

այսօր կը սկսի Մեծ պահքը, ապաշխարութեան խորհրդաւոր շրջան, որուն ընթացքին մենք առանձնակի պատրաստութեամբ կը նորոգենք մեր անձերը, միտքն ու հոգին՝ մաքուր սրտերով ընդունելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան աւետիսը:

Մեծ պահքը հրաւէր է վերատեսութեան ենթարկելու եւ ճշմարիտ պատուիրանապահութեամբ սրբագրելու մեր կեանքի ընթացքը՝ աղօթքով ու բարի գործերով զայն հաստատելու տէրունապատուէր սիրոյ, հաւատի ու յոյսի մէջ:

Պահեցողութեան լուսաւոր խորհուրդը կը զօրացնէ հաւատքը եւ կը նորոգէ մեր կեանքը՝ դառնալով կարեւոր միջոց հոգեւոր-բարոյական արժէքներու ամրապնդման եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան զօրացման:

Այս հոգեւոր ճամբորդութեան սեմին՝ կը յորդորենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները՝ ջերմեռանդ աղօթքով անցնելու պահքի շրջանը, ներհայեցողութեամբ ու պահեցողութեամբ կեանքը իմաստաւորելու հոգիի առատ պտուղներով, հաւատարիմ մնալու քրիստոնէական վկայութեան մէջ, որպէսզի մեր Տիրոջ Սուրբ Յարութեան տօնին արժանանանք Անոր կենսապարգեւ շնորհներուն ու երկնառաք օրհնութիւններուն:

«Նորոգուեցէք ձեր մտքի նորոգութեամբ, որպէսզի դուք քննէք լաւը, եւ թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը բարին եւ հաճելին եւ կատարեալը» (Հռոմ. 12:2):

Երկնաւոր մեր Տիրոջ շնորհը, սէրը եւ խաղաղութիւնը թող ամէնքիս հետ ըլլան: Ամէն: