Սումգայիթեան Ջարդերէն Անցած է 31 Տարի

Հայաստան

31 տարի առաջ այս օրերուն Սումգայիթի մէջ սկսան հայերու հետապնդումները: Պաշտօնական տուեալներով`ջարդերուն զոհ գնաց 26 մարդ, ոչ պաշտօնական աղբիւրները կը յայտնեն 100 եւ աւելի խոշտանգուած ու սպաննուած հայ քաղաքացիներու մասին: Ինչո՞ւ ընտրուեցաւ Սումգայիթ քաղաքը. «Պաքուն եւ հայերը, հակահայկական  քաղաքականութիւնն ու հայերու էթնիկական մաքրումը Ատրպէյճանում» գիրքի հեղինակ Եուրի Պաղտասարեան կու տայ այս հարցումին պատասխանը:

1988-ի սումգայիթեան ջարդերու դաժան օրերէն անցած է 31 տարի: Ականատեսները մինչեւ  այսօր կը վերյիշեն, թէ ոճրագործութեան օրերուն ինչ կը կատարուէր քաղաքին մէջ :

Ըստ «Ռատիոլուր»-ի՝ Օլկա Սիմոնեան կը պատմէ` այդ օրը որդիին ծննդեան օրն էր, ամուսինին գործի ընկերները իրենց տունն էին, անոնց մէջ` նաեւ ատրպէյճացիներ: Հիւրերէն մէկը ծնունդի ընթացքին անընդհատ կը կրկնէր նոյն միտքը քանի մը անգամ.«Կոլիայի գլխէն մազ մը եթէ պակսի, բոլորը կը կոտորեմ, բոլորը կը սպաննեմ կ՛ըսէր իրենց լեզուով: Մենք ալ կը մտածէինք   խմած է, որ այդպէս կը խօսի»:

Օլկա Սիմոնեանը  վայրագութիւններու մասին առանց յուզուելու չի կրնար խօսիլ: Ընտանիքը մտերիմներու օգնութեամբ կրցած են փախիլ Սումգայիթէն:

«Թուղթին յանձնած եմ այն, ինչ տեսած եմ, լսած եւ զգացած» ,-կ՛ըսէ Պաքու ծնած մանկավարժ, մաթեմատիկոս Եուրի Պաղտասարեանը, որ հանրութեան ներկայացուցած է «Պաքուն եւ հայերը, հակահայկական քաղաքականութիւնն ու հայերի էթնիկական մաքրումը Ատրպէյճանում» գիրքը: Հեղինակը կ՛անդրադառնայ գլխաւոր հարցին` ինչո՞ւ Սումգայիթ քաղաքը ընտրուեցաւ՝ նման ոճրագործութիւն իրականացելու համար:

«Աշխարհագրական տեսանկիւնէ Սումգայիթը յարմար դիրք ունի, մէկ կողմէն ծովը, որ այնտեղէն քաղաք մտնող չըլլայ: Փոխադրամիջոցները` երկաթուղին կ՛անցնի Սումգայիթի ծայրէն: Ծովի առկայութիւնը թոյլ տուած է անոնց թաքցնել զոհերու ճշգրիտ քանակը»,- կը նշէ հեղինակը:

Գիրքին մէջ նկարագրուած է անցած դարաշրջանի հասարակական-քաղաքական այն միջավայրը, ուր  ապրած եւ ստեղծագործած է Պաքուի աւելի քան 400 հազրնոց  հայ համայնքը:

Մանրամասն նկարագրուած են 1987-ին Չարդախլու գիւղի հայաթափութիւնը եւ ատոր յաջորդող Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի հայկական ջարդերը:

Եուրի Պաղտասարեան կ՛ըսէ, որ մասնակցած է Ատրպէյճանի մէջ 1988 թուականին տեղի ունեցած ցոյցերուն ու փորձած է հասկնալ ատրպէյճանցիներու տրամադրուածութիւնը: Հնչող յայտարարութիւններէն  հասկցած է, որ  նպատակադրուած են վերացնել Պաքուի հայերը:

«Սովորական ցեղասպանութիւն» նախագիծի ղեկավար Մարինա Գրիգորեան կ՛ըսէ, որ Սումգայիթի ողբերգութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները պէտք է շարունակուին եւ ըլլան աւելի խոր ուհամակողմանի: Գրիգորեան կը շեշտէ, որ Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւնները փաստաթղթաւորուած են, իսկ փաստաթուղթերը ոչ միայն ականատեսներու վկայութիւններն են, որ կը շարունակեն հաւաքագրել, այլ նաեւ պաշտօնական տուեալներ են` դատական նիւթեր, ջարդերու ժամանակ նկարուած տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ: