Հայաստանի Մէջ Կայ 81 Կուսակցութիւն, 25ը Ստեղծուած են Վերջին 5 Տարիներուն

Հայաստան

2019 թուականի Փետրուար 21-ի դրութեամբ առկայ տեղեկութիւններուն համաձայն` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետական գրանցում ստացած է 81 կուսակցութիւն: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է Արդարադատութեան նախարարութեան իրաւաբանական անձերու պետական գրանցման գործակալութենէն:

Միայն վերջին 5 տարիներուն` 2013 թուականէն մինչեւ 2018 թուականը, պետական գրանցում ստացած է 25 կուսակցութիւն: Ընդհանրապէս, լուծարուած է 49 կուսակցութիւն, եւ պետական գրանցում ստացած 81 կուսակցութենէն 2-ը եւս կը գտնուին լուծարման գործընթացի մէջ:

81 կուսակցութիւններու շարքին կան այնպիսի անուններ, ինչպիսիք են «Կանայք հայոց աշխարհի», «Գիւմրեցու ոգի», «Մեր տունը Հայաստանն է»: Քաղաքականութեան եւ գործարարութեան տարանջատման մասին անընդհատ խօսող երկրի մէջ անգամ գոյութիւն ունի «Գործարար» անուամբ կուսակցութիւն:

Քաղաքական եւ ընտրական արհեստագիտութիւններու փորձագէտ Արմէն Պատալեանի խօսքով` 81 կուսակցութենէն մօտ 70-ը գոյութիւն չունին. «Կրնանք ըսել, որ այսօրուան դրութեամբ քաղաքական դաշտին մէջ այդ 81-էն կը գործեն «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական պայմանագիր», «Բարգաւաճ Հայաստան», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Հայաստանի Հանրապետական», Հայ Ազգային Կոնգրես կուսակցութիւնները: 81-էն մօտ 6-ն են, որոնք այսպէս թէ այնպէս կը գործեն, լաւագոյն պարագային քանի մը կուսակցութեան անունէն յայտարարութիւններ կ՛ընեն ատոնց ղեկավարները լրատուական այս կամ այն հարթակի վրայ, իրենց տեսակէտները կը ներկայացնեն:

Ան կը յիշեցնէ, որ կուսակցութիւններու ստեղծման գործընթացը սկսաւ զարգանալ 1980-ականներու վերջը, երբ Խորհրդային Միութեան մէջ վերացուեցաւ Կոմունիստական կուսակցութեան մենաշնորհը, իսկ արդէն ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք պետութիւններու մէջ բազմաթիւ կուսակցութիւններ ստեղծուեցան:

«Մեր մօտ կուսակցութիւնները ոչ թէ ընտրական խումբերու, ընտրողական խումբերու շահեր կը ներկայացնեն, այլ կը ներկայացնեն առաջնորդի քաղաքական փառասիրութիւնները: Կուսակցութիւններու վրայ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է առաջնորդի չփոխուիլը:

Սովորաբար Հայաստանի մէջ իշխանութենէն ընդդիմութիւն դառնալու պարագային քաղաքական ուժէն առնէտավազք կը սկսի, որ ըստ Պատալեանի՝ քաղաքական համակարգի կայացած չլլալու հետեւանք է: Այսպէս եղած է ե՛ւ «Կոմունիստական»-ի , ե՛ւ ՀՀՇ-ի, ե՛ւ ՀՀԿ-ի` իշխանութենէն հեռանալէն ետք:

«Կուսակցութիւնները գաղափարական կառոյցներ չեն եղած, եւ այդ մարդիկ ատոր համար կուսակցութեան մէջ չեն, որովհետեւ կը կիսեն այդ կուսակցութեան տեսակէտները: 20-30 տարի շարունակ այնպիսի պայմաններ ստեղծած են, որ գտնուելով իշխող կուսակցութեան մէջ` դուն կրնաս արտօնութիւն ունենալ` գործարարութիւն ունենալ, պետական պաշտօն ստանալ: Կուսակցութիւնը արտօնեալներու շահը ներկայացնող կառոյց եղած է, ոչ թէ գաղափարական միութիւն»,- նկատել տուած է փորձագէտը:

Իսկ խօսելով «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի մասին, որ իշխանութեան գալէ ետք եւս շատ նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական դէմքեր միացած են, Պատալեան  նշած է. «Այժմ դժուար է ըսել, որովհետեւ առաջին անգամ ազատ ընտրութիւններ տեղի ունեցան, եւ ընտրութիւններու արդիւնքով իշխանութիւնը ձեւաւորուեցաւ: Առաջին պայմանը կատարուած է, հիմա պէտք է դիտարկենք` մօտակայ 5 տարուան ընթացքին քաղաքական գործընթացը ինչպիսին պիտի ըլլայ, այսինքն` ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պիտի կարենան որպէս գաղափարական քաղաքական ուժ ձեւաւորուիլ, ինչպէս նաեւ ՔՊ-ն պիտի դառնայ գաղափարաքաղաքական, թէ պիտի մնայ մէկ մարդէ կախուած անդէմ կառոյց: Երրորդը` տնտեսական բարեփոխումներու արդիւնքն է, որովհետեւ տնտեսական գործօնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի կուսակցական շինարարութեան վրայ: Եթէ ոչինչ փոխուի, մնայ այնպէս, ինչպէս այսօր է, եւ այս իրավիճակով մօտենանք յաջորդ ընտրութիւններուն, ՔՊ-ն պարտուի, եւ այլ ուժ գայ իշխանութեան, նոյնը պիտի կատարուի ՔՊ-ի հետ եւս»: