ՄԷՃԼԻՍԻ ՀԱՅԸ. Թուրքիոյ Լուսաւոր ու Խաղաղ Դէմքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մտահոգ Կարօ Փայլանի դէմ իրականացուող քրէական հետապնդումներով՝ Ermenihaber.am-ը, «Մէճլիսի հայը» խորագիրով հարցազրոյցներու շարքէն, կը ներկայացնէ զուիցերիաբնակ լուսանկարիչ-լրագրող, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Տէմիր Սէոնմեզի (քիւրտ-հայկական ծագումով) հետ զրոյցը: Հարազրոյցը վարած է Էդուարդ Մելքումեան։

 

– Կարօ Փայլանի դէմ սկսած հետաքննութիւնը եւ անձեռնմխելիութենէն զայն զրկելու դատախազութեան պահանջը ինչպէ՞ս կը գնահատէք: 

– Կարօ Փայլան ընդդիմադիր պատգամաւոր է: Ընդդիմադիր պատգամաւորի իրաւունքն է քննադատութիւններ հնչեցնել եւ արտայայտուիլ իր ապրածի եւ տեսածի մասին:

Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, իշխանութեան կողմէ բնական կը դիտուի ընդդիմադիր պատգամաւորներու ազատ արտայայտուիլը: Սակայն, հակաժողովրդավարական եւ ֆաշիստական մտածելակերպով կառավարուող երկիրներու մէջ, ինչպէս օրինակ Թուրքիան, իշխանութիւնը չ՝ընդունիր որեւէ քննադատութիւն: Միեւնոյն ժամանակ խստօրէն կը մերժէ եւ ատիկա կ՝ընկալէ իբրեւ իշխանութեան դէմ ուղղուած յարձակում:

Այս քրէական հետապնդումը կ՝արտացոլէ այն իշխանութիւններու յարձակողական կեցուածքը, որ ուղղուած է արժանապատիւ վարքագիծ ունեցող եւ մաքառող մարդոց դէմ: Վերջիններս կը պայքարին Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP-ԱԶԿ) եւ անոր առաջնորդ Էրտողանի յետադիմական եւ ֆաշիստական մեթոտներուն դէմ:

Կարօ Փայլանի նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքը պէտք է հասկնալ հետեւեալ կերպ, որ այստեղ հիմնական նպատակը Փայլան անձի միջոցով վախ ու սպառնալիք տարածելն է դեմոկրատական ուժերուն մէջ:

Թուրքիան այն երկիրն է, ուր ընդդիմադիր ուժի՝ HDP-ի անդամները, ինչպէս նաեւ գիտնականները, յեղափոխականներն ու լրագրողները լռեցնելու նպատակով շինծու մեղադրանքներով կը բանտարկեն ամիսներ ու տարիներ շարունակ:

– 2008-էն սկսեալ, 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսելու համար պէտք է ըլլար Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան արտօնութիւնը: Տարիներու ընթացքին արդարադատութեան նախարարութիւնը 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսելու համար բաւարարած է միայն ներկայացուած դիմումներու 10%-ը, ինչպէս նաեւ Փայլանի գործով դիմումը: Այս ծիրէն ներս ադեօ՞ք չենք կրնար ըսել, որ ասիկա քաղաքական հետապնդում է:

– Որպէսզի հասկնանք, որ այս մեղադրանքը քաղաքական է, պէտք չէ ըլլալ պայծառատես: Նախ պէտք է ընդգծել այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն մինչեւ օրս մշտապէս եղած է երկու տեսակ դատական համակարգ. ընդհանուր դատական համակարգ եւ արտակարգ դատական համակարգ: Ահա այդպիսի դատական համակարգ եւ օրէնքներ եղած են, որոնք հետք ձգած են Թուրքիոյ Հանրապետութեան համակարգին վրայ եւ կանխորոշած են այդ համակարգի հակաժողովրդավարական բնոյթը:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ցայսօր դատապարտուած են հազարաւոր ընդդիմադիր գործիչներ, աւելի քան 800 հոգի՝ մահապատիժի ենթարկուած: Ընդդիմադիրները, ցանկացած ժամանակաշրջանի, յատուկ դատարաններու մէջ, դատապարտուած են յատուկ օրէնքներով (Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 141-րդ, 142-րդ, 163-րդ, 8-րդ, 312-րդ, 220-րդ, 301-րդ, 312-րդ եւ Թուրքիոյ դատական օրէնսգրքի 8-րդ յօդուածի յատկանիշներով) եւ քաղաքական որոշումներով: Բացի այդ, պետութեան մութ ուժերուն կողմէ սպաննուած են հազարաւոր ընդդիմադիր գործիչներ: Ահա ասոնք են Թուրքիոյ խաւար դէմքի քաղաքական սպանութիւնները:

2014-2017 ընթացքին 68.827 անձի նկատմամբ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 299-րդ յօդուածի յատկանիշներով (նախագահը վիրաւորելու) հետաքննութիւն սկսած է, որուն իբրեւ արդիւնք 12.839 հոգիի նկատմամբ 1-4 տարի բանտարկութեան պահանջով դատի տուած են: Միայն այս թիւերը կ՝ապացուցեն, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ խօսքի ազատութիւնը ինչպիսի սահմաններու մէջ են: Թուրքիոյ մէջ նման պատկեր ստեղծած համակարգը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ ֆաշիզմ:

Կարօ Փայլանի նկատմամբ առաջադրուած մեղադրանքի ձեւը եւ 301-րդ յօդուածը քաղաքական են եւ հիմնական նպատակն է Փայլանը զրկել անձեռնմխելիութենէ ու դատել: Բանտերու մէջ դեռ ձերբակալուած են HDP-ի 9 պատգամաւոր, կուսակցութեան ղեկավար օղակէն 50 անձ եւ շուրջ 6000 կուսակից անդամ:

– Հրանդ Տինքի նկատմամբ նոյնպէս վերոնշեալ յօդուածով դատական գործընթացներ եղած են: Արդեօ՞ք Փայլան կ՝երթայ Տինքի ճանապարհով՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ այդ յօդուածով դատավարութիւնները աւելի կը բորբոքեն ազգայնականներու ատելութիւնը փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Փայլանի հանդէպ:

– Հրանդ Տինքը դաւադրաբար սպաննուեցաւ իրեն յարուցուած քրէական գործերէն, ճնշումներէն, սպառնալիքներէն չվախնալու, «աղաւնիի անհանգստութեամբ» ապրելու եւ դիմակայելու համար: Այդ իսկ պատճառով կ՝ուզեմ ըսել հետեւեալը. Կարեւոր չէ, թէ որ դատարանին մէջ եւ որ օրէնքի յօդուածներով կը դատուիս, կարեւորը այդ յարձակումներուն դէմ կեցուածքդ է, թէ ինչ կ՝ըսես եւ ինչը կը պաշտպանես:

Թուրքիոյ մէջ ըլլալ ե՛ւ ընդդիմադիր գործիչ, ե՛ւ ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ, կը նշանակէ, որ դուն ե՛ւ պետութեան, ե՛ւ պետութեան կողմէ աջակցուող թուրք ազգայնականներու թիրախին մէջ ես: Ասիկա ոչ միայն կը վերաբերի հայերուն, այլեւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն:

Կարօ Փայլան այսօր ե՛ւ պետութեան, ե՛ւ վերջինիս մութ ուժերու թիրախին մէջ յայտնուած անձերէն մէկն է, որ, իբրեւ հայ մարդ, կը պահանջէ աջակցիլ քիւրտ ժողովուրդի օրինական իրաւունքին համար մղած պայքարին, կը պահանջէ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը, կը պահանջէ, որպէսզի առերեսում ըլլայ անցեալի հետ:

Փայլանը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթներէն մէկուն մէջ արտաբերած հետեւեալ խօսքերէն ետք՝ քաղաքական ինքնադատաստանի թիրախ դարձած է. «1913-1923թթ. հայերը, ասորիները, յոյները եւ հրեաները կորուստի մատնուեցան: Ենթարկուելով լայնամածաւալ կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան՝ այս տարածքներէն բռնագաղթեցին»:

– Հաշուի առնելով Փայլանի կուսակիցներու ձերբակալութիւնները՝ ինչքա՞ն է հաւանականութիւնը, որ հայ պատգամաւորը նոյնպէս կ’ազատազրկեն: Եւ եթէ այդ հաւանականութիւնը մեծ է, ուստի հանրային, համայնքային պայքարի ի՞նչ ձեւով հնարաւոր է հակազդել անոր կամ կանխարգիլել այդ ձերբակալութիւնը:

– Երբ «HDP»-ի դէմ ուղղուած պետական հալածանքները՝ իրենց ողջ թափով՝ կը շարունակուին, անմասն չեն մնար նաեւ ուժ եւ աջակցութիւն ստացող իսլամական ֆաշիստ խունտաները: Մասնաւորապէս ընտրութիւններուն այդ խունտաները կը յարձակուին «HDP»-ի գրասենեակներու եւ թեկնածուներու վրայ ու կը խոչընդոտեն ընտրական աշխատանքները:

Նոյնիսկ եթէ շատ չնչին հաւանականութիւն ըլլայ, որ Փայլանը կարճ ժամանակով ձերբակալուի, ուստի «օսմանի երկրին մէջ» խաղերը անաւարտ են: Այս իմաստով ցանկացած գրոհի պէտք է պատրաստ ըլլալ:

Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ լուսաւոր եւ խաղաղ դէմքն է, բայց անոր դէմ յանդիման Թուրքիոյ խաւար դէմքն ու խաղաղութեան թշնամիներն են:

Արժանապատիւ բոլոր մարդոց պարտականութիւնն է պաշտպանել Փայլանը: Ասիկա պէտք է բոլորը գիտնան: Հրանդ Տինքը սպաննուեցաւ, բայց անոր պայքարը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի:

Փայլանի 100-աւոր կուսակից ընկերներ ձերբակալուած են, անոնց պայքարը եւս կը շարունակուի:

Քաղաքական եւ դիւանագիտական բարոյականութենէ զուրկ, տիպիկ թրքական նախագահական համակարգի ֆաշիստական մեթոտները հնարաւոր է վերացնել միայն ժողովրդի կազմակերպուած եւ գիտակցական պայքարով:

– Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պէ՞տք է հրաւիրել մասնաւորապէս Փայլանի դէպքին վրայ՝ իբրեւ խօսքի ազատութեան նկատմամբ իրականացուող քրէական հետապնդում եւ ի՞նչ հարկաւոր է ընել այդ ուղղութեամբ:

– Կարօ Փայլանի դէմ քրէական գործ յարուցելու իրական նպատակը յայտնի է բոլորին։ Անշուշտ, այստեղ առկայ է բացայայտ յարձակում խօսքի ազատութեան դէմ, որն ալ կ՝ապացուցէ այն, որ գործը քաղաքական ենթահող ունի։

Գովասանքի արժանի է յատկապէս այն հանգամանքը, որ Կարօ Փայլան կը բարձրաձայնէ իրական խնդիրները, պետութեան կոչ կ՝ընէ առերեսուելու իր անցեալի հետ, ինչպէս նաեւ կ՝արտայայտէ բոլոր ժողովուրդներու եւ  փոքրամասնութիւններու՝ միասնական կերպով ազատ ապրելու զգացումները։

Բոլորին յայտնի է, որ միջազգային ուժերը ուշադիր կը հետեւին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Այս գործին ծիրէն ներս եւս, ամբողջ աշխարհի ուշադրութունը պիտի սեւեռուի Թուրքիոյ վրայ։ Շատ երկիրներ ուշադիր պիտի հետեւին այս գործին, պիտի ըլլան կարեւոր եւ ողջամիտ արձագանգներ: Այդտեղ կասկած չկայ։

Ցաւօք, մեր աշխարհի վրայ միջազգային յարաբերութիւնները կ՝ընթանան այլ կերպ: Երեւի թէ միշտ եղած է այդպէս. տնտեսական եւ քաղաքական շահերը ուղղորդած են յարաբերութիւնները։ Մարդկային բոլոր արժէքները այս տեսակ շահերու համար կը  զոհաբերուին։ Նկատի ունենալով այս իրողութիւնը՝ անհրաժեշտ է աւելի արդիւնաւէտ միջոցներով սաստկացնել պայքարը: Իբրեւ արդիւնք՝ հանրութեան արձագանգը, թէ՛ Եւրոպայէն, թէ՛ այլ ցամաքամասերէ պիտի ըլլայ աւելի ազդեցիկ եւ կառուցողական։

Օրինակ առկայ է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) որոշումը «HDP» կուսակցութեան կալանաւորուած նախկին համանախագահ Սէլահէտտին Տէմիրթաշի վերաբերեալ, որմով ան պէտք է ազատ արձակուի։ Մինչդեռ բռնապետ Էրտողանը, յայտարարելով, թէ այդ որոշումը Թուրքիոյ հետ առնչութիւն չունի, չճանչցաւ փաստօրէն միջազգային իրաւունքը։

Բոլոր պարագաներուն մարդկութեան պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ոչ մէկ բռնապետ կրցած է նստիլ աթոռին յաւերժ եւ բոլորի վերջը կ՝ըլլայ այն, ինչին անոնք արժանի են։