300,000 Տոլարի Աջակցութիւն՝ Աւստրալիա Հաստատուած Հայ Գաղթականներուն

Սփիւռք

Աւստրալիոյ Հայկական օժանդակութեան կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ կեդրոնական իշխանութիւններու ընկերային ապահովութեան բաժանմունքը 300,000 տոլարի աջակցութիւն մը տրամադրած է կեդրոնին, որ արդէն իսկ լծուած է աշխատանքի այդ օժանդակութիւնը հասանելի դարձնելու համար Աւստրալիա հաստատուած հայ գաղթականներուն։

Այս նպատակով, կեդրոնը անձնակազմի փնտռտուքի սկսած է՝ լաւագոյն ձեւով օգտագործելու համար այդ գումարը, տարրական սպասարկութիւններ տրամադրելով, դիւրացնելու համար Աւստրալիա հաստատուած հայերուն կեցութիւնը, կը յայտնէ կեդրոնին ատենապետը՝ Թալին Մկրտիչեան։

Կեդրոնի վարչութեան անդամ Քրիս Շահինեան կ՛աւելցնէ, թէ կեդրոնը գլխաւորաբար Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Միջին Արեւելքի այլ շրջաններէ ժամանած հայերուն պիտի աջակցի։

Այս կեդրոնին հաստատման ի նպաստ աշխատանք տարած Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հայկ Կայսերեան ողջունեց կեդրոնական կառավարութեան տրամադրած աջակցութիւնը։