Հայաստան Աշխարհին Ցոյց Տուաւ Խաղաղ Փոփոխութեանց Ուղին. Քոնկրեսական Էշու

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան ամբողջ աշխարհին ցոյց տուաւ խաղաղ միջոցներով փոփոխութիւններու հասնելու ուղին։ Այս մասին, ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ի, յայտարարած է հայկական արմատներով քոնկրեսական Աննա Էշու, «Ճորճ Ուաշինկթըն» համալսարանի հայ ուսանողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին։

Տեղեկանալով, որ հայ ուսանողներուն հետ իրեն հետ հանդիպելու եկած է նաեւ եգիպտացի ուսանող մը, քոնկրեսականը յիշատակած է բռնութիւններով յատկանշուած «արաբական գարնան» եւ այլ երկիրներու մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնները՝ նշելով,- «Համեմատեցէք զանոնք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, այն իրական «թաւշեայ յեղափոխութեան» հետ, որ կատարուեցաւ երիտասարդներու օգնութեամբ»:

Ան նշած է, որ հայ ժողովուրդը բաւարար կամք եւ իմաստութիւն ունեցաւ 2018-ի գարնան արիւնալի իրադարձութիւններէ խուսափելու համար՝ աւելցնելով,- «Ես չզարմացայ այդ իրադարձութիւններէն: Ինծի համար զարմանալի չէ, որ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը տեղի ունեցաւ: Զարմանալի չէ նաեւ, որ անիկա խաղաղ էր, եւ անշուշտ զարմանալի չէ, որ անոր շարժիչ ուժը երիտասարդներն էին, որովհետեւ երիտասարդները ունին աւելի պարզ տեսլական եւ ի տարբերութիւն տարեցներուն՝ կաշկանդուած չեն: Պէտք է ըսեմ, որ ապագայի նկատմամբ երիտասարդներու այդ պարզ տեսլականը ինծի համար միշտ ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացած է»:

Էշու յիշեցուցած է, որ Հայաստան տակաւին շատ ընելիքներ ունի՝ խորհրդային ժամանակաշրջանէն ժառանգուած զեղծարարութեանց յաղթահարում, ժողովրդավարութեան ամրապնդում եւ կանանց ու տղամարդոց միջեւ իրական հաւասարութեան ապահովում: Էշու, որ Հայաստան այցելած էր «թաւշեայ յեղափոխութենէն» մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ, կասկած չունի, որ Հայաստանի քաղաքացիները պիտի  յաջողին իր յաջող աւարտին հասցնել իրենց սկսած գործը։

Իրենց կարգին, ուսանողները հարցուցած են, թէ Էշու ինչպէ՛ս կրցած է քաղաքականութեան մէջ յաջողութեան հասնիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ըլլալով Ցեղասպանութենէն փրկուած հայու եւ ասորի ներգաղթեալներու դուստր, որուն իբրեւ պատասխան քոնկրեսականը ըսած է, թէ յաջողութեան բանալին փոփոխութիւններու հանդէպ միշտ բաց ըլլալու եւ խելամիտ մարտահրաւէրներ ընդունելու մէջ է։

«Անձնական փորձառութենէս կրնամ ըսել, թէ երբեմն այդ նորը ընդունիլը շատ դժուար է, սակայն, պէտք է ընդունիլ փոփոխութիւնները եւ յառաջ շարժիլ»,- եզրակացուցած է ան: