ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը Կառավարութեան Ծրագիրին եւ Կառուցուածքին Վերաբերեալ

Հայաստան

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով կառավարութիւնը կազմաւորուեցաւ Սահմանադրութեան եւ օրէնքի կամայական մեկնաբանութեամբ` հիմք ընդունելով առաջիկային իրականացուելիք կառուցուածքային փոփոխութիւններու մտադրութիւնը, իսկ իրականութեան մէջ,  շարք մը նախարարութիւններու գործունէութեան չհիմնաւորուած (սպասուելիք) դադարեցումը:

Հակառակ իշխող ուժին հնչեցուցած մօտեցումներուն եւ յանձնառութիւններուն՝ կառավարութեան ծրագիրը չ՝անդրադառնար քաղաքական համակարգի բարեփոխումներուն, անմիջական ժողովրդավարութեան, մամուլի եւ խօսքի ազատութեան, ընտրական համակարգին, գերվարչապետութեան վերացման: Մէկ կողմէն անտեսուած են խոստացուած բարեփոխումները, միւս կողմէն՝ փորձ կը կատարուի կառավարութիւնը փոխարինելու վարչապետով` գերկեդրոնացնելով աշխատակազմային կառավարման մարմնի լիազօրութիւնները, որ կրնայ վտանգել երկրի ժողովրդավարական զարգացման հեռանկարը:

Ծրագիրը բաւարար անդրադարձ չէ կատարած ազգային անվտանգութեան ապահովման, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական անվտանգութեան երաշխաւորման կառուցակազմերուն:

Թերութիւններ կան երկրի մշակութային, կրթական, գիտական զարգացման եւ Սփիւռքի հետ կապերու ոլորտներուն մէջ:

Նոր-ազատական գաղափարախօսութենէն բխող, կրաւորական հասարակական-տնտեսական քաղաքականութիւնը, հակասելով Սահմանադրութեամբ ամրագրուած հասարակական շուկայական տնտեսակարգին, չի կրնար Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ տնտեսական զարգացում եւ հասարակական արդարութիւն ապահովել: Ազգային արդիւնքի բաշխման եւ հասարակական արդարութեան հիմնահարցերու անտեսումը պիտի մեծցնէ հասարակութեան բեւեռացումը, պիտի խորացնէ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող անդունդը՝ վտանգելով հասարակութեան համերաշխութիւնը:

Թէեւ կառավարութիւնը իր առջեւ նպատակ դրած է իրականացնելու «տնտեսական յեղափոխութիւն», սակայն ծրագիրը չի պատասխաներ, թէ ի՞նչ կը հասկցուի այդ եզրոյթին տակ, ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի այդ «յեղափոխութիւն»ը եւ ի՞նչ արդիւնք պիտի արձանագրէ: Տնտեսութեան տարեկան 5% ակնկալուող աճը, որ արձանագրուած է ծրագիրին մէջ, բաւարար չէ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը յեղափոխական կոչելու համար:

Ծրագիրը մշակուած է պատասխանատւութենէ խուսափելու եւ հանրութեան հաշուետու չըլլալու մօտեցումով` հակասելով իշխող ուժի բազմիցս հնչեցուցած հաւաստիացումներուն: Ծրագիրին մէջ կը բացակային յստակ թիրախներ, հանրային կեանքի որակի բարելաւումը բնութագրող նպատակադրումներ եւ ժամկէտներ, կը գերիշխեն յայտարարական բնոյթի յայտարարութիւններ: Անիկա կ՝ընդգրկէ ներքին հակասութիւններ ունեցող բազմաթիւ մտքեր:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կ՝արձանագրէ, որ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը բաւարար նախադրեալներ չ՝ապահովեր «Զարգանալ՝ չզիջելով» կենսական սկզբունքի իրացման համար, եւ զայն կը գնահատէ ժամանակի մարտահրաւէրներուն ոչ համարժէք:

Վերը նշուած ամփոփ գնահատականներուն մանրամասներն ու հիմնաւորումները ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պիտի ներկայացնէ առանձին հարցազրոյցներով եւ հրապարակումներով:

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

12.02.2019