ՀՀ Վարչապետը ԱԺ Ամպիոնէն Ազդարարեց Հայաստանի Մէջ Համաժողովրդական Տնտեսական Յեղափոխութեան Սկիզբը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 7-րդ գումարման Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց Հայաստանի մէջ համաժողովրդական տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Փաշինեան այս մասին յայտարարեց ազգային ժողովի առաջին նստաշրջանի հերթական նիստին ընթացքին՝ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ժամանակ:

««Իմ քայլը» դաշինքը տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու իրաւագիր  ստացած է նոյնինքն ժողովուրդէն: Եւ ուրեմն, ինչպէս 2018 Ապրիլ 16-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակի ինքնաշէն ամպիոնէն յայտարարեցի Հայաստանի մէջ ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան սկիզբը, այնպէս ալ հիմա, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի բարձր ամպիոնէն՝ կ՝ազդարարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ համաժողովրդական, տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբը: Հայ ժողովուրդը յաղթած է կաշառակերութեան, ամենաթողութեան, խմբակային կառավարման դէմ պայքարին եւ հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ աղքատութեան, գործազրկութեան, խեղճութեան ու անգործութեան դէմ պայքարին»,- ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը նշեց, որ կառավարութիւնը կ՝որդեգրէ տնտեսական աճի քաղաքականութիւնը տնտեսական զարգացման քաղաքականութեամբ փոխարինելու ուղեգիծ:

«Կարելի է տնտեսական աճ ապահովել քանի մը ընկերութիւններու գործունէութեան իբրեւ արդիւնք, բայց ասիկա բացի թուաբանութենէն ուրիշ ոչինչ կը նշանակէ, եւ քաղաքացիները չեն զգար տնտեսական այդ աճին ազդեցութիւնը, որքան ալ անիկա մեծ ըլլայ: Մեզի հարկաւոր է տնտեսական զարգացում, եւ իբրեւ այդ զարգացման ամենատեսանելի արգասիք, կառավարութիւնը կը նպատակադրուի առաջիկայ հինգ տարիներուն հասնելու Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութեան յաղթահարման, աղքատութեան եւ գործազրկութեան էական կրճատման, աշխատավարձերու եւ թոշակներու շարունակական աճին, արտահանման քայլերու բազմապատկման: Այս որակական ու քանակական ցուցանիշներուն ու նպատակներուն համադրութիւնն է, որ մենք կը համարենք տնտեսական յեղափոխութիւն: Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի քաղաքացիները, հայ ժողովուրդը, կառավարութիւնն ու Ազգային ժողովը ունին բաւարար քաղաքական կամք, մտաւոր ու բարոյական ներուժ՝ վերը նշուած խնդիրներու լուծման համար»,- շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան: