11 Փետրուար 1934. Կաթուածահար Ինկաւ Աւետիս Ահարոնեան՝ Հայ Յեղափոխական Շարժումի Վսեմաշուք Պատգամաբերը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ն. Պէրպէրեան

85 տա­րի ա­ռաջ՝ 11 ­Փետ­րո­ւար 1934-ին, ­Մար­սէյ­լի մէջ «­Հա­մազ­գա­յին»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին հան­դի­սու­թեան մը ըն­թաց­քին, ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար հան­դի­սա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, օ­րո­ւան պատ­գա­մա­բե­րը բե­մին վրայ չկրցաւ ա­ւար­տել իր խօս­քը. ու­ղե­ղի կա­թո­ւա­ծը տա­պա­լեց եւ լռու­թեան մատ­նեց Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նը՝ ­Հա­յոց Վշ­տի եւ Ա­զա­տու­թեան մեծ եր­գի­չը։

Լ­ռել չգիտ­ցող, այ­լեւ ստրկա­միտ հա­մա­կերպ­ման ու հնա­զան­դու­թեան ա­նարգ «լռու­թիւն»ը ողջ էու­թեամբ մեր­ժող մեծ ­Հա­յը, որ քա­ռա­սուն տա­րի իր գրի­չով ու խօս­քով սե­րունդ­ներ ոտ­քի հա­նեց, ըմ­բոս­տաց­ման մղեց եւ վա­րա­կեց յա­նուն Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան սրբա­զան կռո­ւի գա­ղա­փա­րով, այդ­պէ՛ս յան­կարծ… լռեց եւ ան­կող­նին գա­մո­ւած մնաց մին­չեւ մա­հը՝ 20 Ապ­րիլ 1948-ին։

Բե­մի վրայ Ա­հա­րո­նեա­նի ար­տա­սա­նած վեր­ջին բա­ռե­րը ե­ղան՝ «­Հայ բա…նա…կ…ը», ո­րուն ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւնն ու առ­թած հպար­տու­թիւ­նը շեշ­տող իր պատ­գա­մը Ա­հա­րո­նեան չկրցաւ ամ­բող­ջաց­նել.-

«­Ժո­ղո­վուրդ ­Հա­յոց, գիտ­ցի՛ր, որ սպաս­ման վի­ճակ է այս: ­Հա­ւա­տա՛, որ պի­տի վե­րա­դառ­նաս քո պա­պե­րի, ա­րի-ա­րանց քա­ջե­րի եր­կի­րը: Ե­կել ենք այս­տեղ չմնա­լու հա­մար, ե­կել ենք վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար…

«­Գիտ­ցի՛ր, հայ ժո­ղո­վուրդ, որ ար­ժէք ես դու, եւ խօսք ու­նիս ա­սե­լու այս նա­մարդ աշ­խար­հին։

«Ո՛չ մի ազ­գի հետ չեմ բաղ­դա­տեր իմ ազգս։ ­Բարձր եւ ի­մաս­տուն մեր ցե­ղը։

Ժո­ղո­վուրդ հա­յոց եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ։

«Ո՛չ մէկ ժո­ղո­վուր­դի առ­ջեւ գլխարկ հա­նե­լու պէտք չու­նինք։ ­Լաւ հա­մո­զո­ւե­ցէք ա­սոր։

«Որ­պէս­զի ի­մա­նա­յինք, թէ ո՛վ էին եւ ո՛վ ենք մենք, Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րը տես­նել պէտք էր… Բագ­րա­տու­նեանց հարս­տու­թեան ի՜նչ փառք, ի՜նչ պա­տիւ, մշա­կոյ­թի եւ քա­ղա­քակր­թու­թեան ի՜նչ հո­յա­կապ ցու­ցադ­րու­թիւն… ի՜նչ կա­մար­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ։ Ա­նին տես­նե­լէ վերջ, երբ նկա­րի տա­կը կը կար­դամ սա պար­բե­րու­թիւ­նը՝ «Ան­ցեալ ու ներ­կայ ­Հա­յաս­տան», հո­գիս կը վե­րա­նայ պահ մը, թէ այդ բո­լոր տա­ճար­նե­րը շի­նո­ւած են պա­տե­րազմ­նե­րու շա­ռա­չին մէջ… Ո՜հ, այն ա­տեն կը հասկ­նա­յինք, թէ ի՞նչ էին մեր պա­պե­րը, մեր հայ­րե­րը, ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն ու ա­րիա­րանց բա­նա­կը։

«Ֆ­րան­սա­ցի գրա­գէտ մը, որ շատ հա­մեստ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, իր մէկ աշ­խա­տու­թեան մէջ հե­րո­սեր­գու­թիւ­նը կ­’ը­նէ հայ բա­նա­կին.-
«­Հայ բա…նա…կ…ը»…

Պատ­գա­մե­լու դեռ շատ բան ու­նէր Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան, բայց ա­նո­ղոք ու­ղե­ղի կա­թո­ւա­ծը վերջ­նա­կան ան­շար­ժու­թեան մատ­նեց ա­նոր գրիչն ու լե­զուն։

Բազ­մաշ­նորհ տա­ղանդ էր Իգ­դիր­մա­ւա (Իգ­դի­րի գիւ­ղե­րէն) ապ­րող դար­բին Ա­ռա­քել Ա­հա­րո­նեա­նի յար­կին տակ ծնած Ա­ւե­տի­սը (1866-1948), ո­րուն մայ­րը՝ ­Զար­դար գիւ­ղի միակ կար­դալ-գրել գիտ­ցող կի­նը ե­ղած է։ ­Հօր վա­ղա­հաս մա­հո­ւան (1878) հե­տե­ւան­քով՝ Ա­հա­րո­նեան կարճ ժա­մա­նակ մը կը ստի­պո­ւի ընդ­հա­տել Իգ­դի­րի նա­խակր­թա­րա­նէն ներս իր ստա­ցած ու­սու­մը եւ աշ­խա­տիլ, բայց ու­սում­նա­տենչ պա­տա­նիին ըն­դու­նա­կու­թեանց քա­ջա­ծա­նօթ տնօ­րէ­նը՝ ­Դա­ւիթ ­Քա­լան­թար կը միջ­նոր­դէ եւ, իր հո­գա­տա­րու­թեան տակ, ոչ միայն Իգ­դի­րի նա­խակր­թա­րան կը վե­րա­դարձ­նէ Ա­հա­րո­նեա­նին, այ­լեւ կը դա­սա­ւո­րէ, որ նա­խակր­թա­րա­նէն ետք ան ըն­դու­նո­ւի Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րան։

Ճե­մա­րա­նի յե­ղա­փո­խա­շունչ մթնո­լոր­տին մէջ թրծո­ւե­ցաւ Ա­հա­րո­նեա­նի միտքն ու հո­գին եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րի հու­նով ըն­թա­ցաւ, այ­նու­հե­տեւ, Ա­հա­րո­նեան գրո­ղին եւ ազ­գա­յին գոր­ծի­չին ողջ կեան­քը։

Ճե­մա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, Ա­հա­րո­նեան քա­նի մը տա­րի ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ եւ 1897-ին մեկ­նե­ցաւ ­Լօ­զան (­Զո­ւի­ցե­րիա), ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Ինչ­պէս ինք կը վկա­յէ, Ա­հա­րո­նեան ­Զո­ւի­ցե­րիա գնաց՝ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր Ք­րիս­տա­փո­րի յոր­դոր­նե­րուն ան­սա­լով։ Այդ շրջա­նին Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ը լոյս կը տես­նէր ­Ժը­նե­ւի մէջ եւ Ք­րիս­տա­փոր, մեծ հա­մա­րում ու­նե­նա­լով Ա­հա­րո­նեա­նի գրա­կան ըն­դու­նա­կու­թեանց վրայ, կ­’ու­զէր ա­պա­հո­վել տա­ղան­դա­ւոր գրո­ղին աշ­խա­տակ­ցու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ո­գին ու պատ­գա­մը շնչա­ւո­րող գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։

Ուս­ման կող­քին, Ա­հա­րո­նեան սկսաւ լոյս ըն­ծա­յել ­Ղա­րիբ ստո­րագ­րու­թեամբ ան­մո­ռա­նա­լի պատ­մո­ւածք­ներ, ո­րոնք ա­րա­գօ­րէն հայ մար­դոց սիրտն ու միտ­քը գրա­ւե­ցին եւ յե­ղա­փո­խա­կան շունչ ու ո­գի նե­րար­կե­ցին յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին։ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած պատ­մո­ւածք­նե­րու այդ շար­քը հե­տա­գա­յին ի մի բե­րո­ւե­ցաւ եւ «Ա­զա­տու­թեան ­Ճա­նա­պար­հին» ա­նուն հա­տո­րով հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ։ Իր այդ գոր­ծով ալ, մեծն ­Րաֆ­ֆիէն ետք, Ա­հա­րո­նեան ե­ղաւ հայ ար­ձա­կի այն վար­պե­տը, որ ամ­բողջ սե­րունդ­ներ ո­գե­ւո­րեց ու դաս­տիա­րա­կեց ­Հա­յոց Ա­զա­տա­մար­տի ան­շէջ հու­րով։

Լօ­զա­նէն ետք Ա­հա­րո­նեան ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ա­ւե­լի քան տա­րի մը հե­տե­ւե­ցաւ ­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նին գրա­կա­նու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն եւ 1902-ին վե­րա­դար­ձաւ ­Թիֆ­լիս՝ նախ Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ա­պա՝ Հ.Յ.Դ. շրջա­նա­յին պաշ­տօ­նա­թերթ «­Մուրճ»ի խմբագ­րու­թիւ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար։ Ազ­գա­յին եւ հան­րա­յին իր ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեամբ, մա­նա­ւանդ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին իր ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րու­մով, Ա­հա­րո­նեան ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցաւ մեր ժո­ղո­վուր­դի միա­հա­մուռ յար­գան­քին, բայց նաեւ թի­րախ դար­ձաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­յե­ղա­փո­խա­կան հա­լա­ծանք­նե­րուն։ Եւ երբ Ցա­րիզ­մը 1909-ին ձեռ­նար­կեց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գլու­խը «ճզմե­լու» քայ­լին եւ բան­տե­րը նե­տեց ա­տե­նի ե­րե­ւե­լի հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հա­րիւր­նե­րով, դաշ­նակ­ցա­կան ըլ­լա­յին ա­նոնք թէ ոչ, Ա­հա­րո­նեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին բան­տար­կո­ւող­նե­րէն մէ­կը։ ­Մե­տե­խի բան­տա­յին ծանր պայ­ման­նե­րը քայ­քա­յե­ցին ա­նոր ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ 1911-ին, ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լով, Ա­հա­րո­նեան ան­ցաւ ­Պո­լիս եւ հոն­կէ Եւ­րո­պա, բու­ժո­ւե­լու հա­մար։

Կազ­դուր­ման այդ տա­րի­նե­րը ե­ղան նաեւ գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ քա­ղա­քա­կան-յա­րա­բե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան բեմ­նա­ւոր շրջան մը։ Ա­հա­րո­նեան այդ տա­րի­նե­րուն գրեց գրա­կան իր մե­ծար­ժէք գոր­ծե­րը՝ յատ­կա­պէս հայ­րե­նի հո­ղէն ու այդ հո­ղին կառ­չած հայ մար­դոց յու­զաշ­խար­հէն ներշն­չո­ւած պատ­մո­ւածք­նե­րով, վի­պակ­նե­րով ու վէ­պե­րով հարս­տաց­նե­լով հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Իսկ քա­ղա­քա­կան-յա­րա­բե­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռու­մով՝ Ա­հա­րո­նեան դար­ձաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ան­խոնջ պաշտ­պա­նը եւ­րո­պա­կան ոս­տան­նե­րուն մէջ, իր վա­յե­լած հա­մազ­գա­յին վար­կով խօ­սա­կից ներ­կա­յա­նա­լով ա­տե­նի եւ­րո­պա­ցի ա­զա­տա­խոհ եւ ար­դա­րա­միտ գոր­ծիչ­նե­րուն։

Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րէին Ա­հա­րո­նեան վե­րա­դար­ձաւ Անդր­կով­կաս եւ տեն­դա­գին լծո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին։ 1917ին, երբ ­Թիֆ­լի­սի մէջ գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ա­ռա­ջին ­Հա­մա­գու­մա­րը, Անդ­րա­նի­կի հետ Ա­հա­րո­նեան ստանձնց հա­մա­գու­մա­րին նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ ղե­կա­վա­րեց ­Հա­մա­գու­մա­րէն ստեղ­ծո­ւած ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դը եւ ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման մէջ։

Նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան շրջա­նին, Ա­հա­րո­նեան ստանձ­նեց ազ­գըն­տիր անդ­րա­նիկ խորհր­դա­րա­նին նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ, ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան օ­րով, Ա­հա­րոեան ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց եւ դժո­ւա­րին բա­նակ­ցու­թեանց ղե­կա­վար­ման գոր­ծին։ Ն­շա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան նա­խա­գահ եւ այդ հան­գա­ման­քով իր ստո­րագ­րու­թիւ­նը դրաւ 10 Օ­գոս­տոս 1920ին կնքո­ւած ­Սեւ­րի ­Դաշ­նագ­րին տակ։ Իսկ Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կու­մէն ետք, եր­կար տա­րի­ներ, կան­գուն պա­հեց ար­դէն տա­րա­գիր դար­ձած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ ա­մէ­նուր ի­րա­ւա­տէր ու պա­հան­ջա­տէր ներ­կա­յա­նա­լով Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ան­ժա­ման­ցե­լի դա­տին։

Այդ­պէ՛ս ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց, գրա­կա­նու­թեան մէջ թէ քա­ղա­քա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին, ­Հա­յոց Վշ­տի եւ Ա­զա­տու­թեան ան­զու­գա­կան եր­գի­չը։ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան պա­տո­ւով տա­րաւ բազ­մա­չար­չար մեր ժո­ղո­վուր­դին ար­դա­րու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան կան­չը աշ­խար­հին լսե­լու դարձ­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։

Տար­բեր ու­ղի չէր կրնար ու­նե­նալ ­Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի այս բազ­մաշ­նորհ ծնուն­դը, որ ­Հա­յոց Սր­բա­զան ­Լե­րան վե­հու­թիւ­նը ու­նէր իր հո­գիին մէջ։
Ինչ­պէս ­Զա­պէլ Ե­սա­յեան կը վկա­յէ՝

«Ա­րա­րա­տին ստո­րո­տը ծնած է ան. իր ա­ռա­ջին կրօն­քը այդ հսկայ լե­ռը ե­ղած է. լեռ­նե­րը ի­րենց բարձ­րու­թեան մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը կը ներշն­չեն։ Ա­հա­րո­նեա­նի հո­գին սկիզ­բէն դէ­պի այդ ա­լե­ւոր լեռն ի վեր սլա­ցած է…

«…Ա­հա­րո­նեա­նի հո­գին ըմ­բոստ է, մրրկա­վար ար­ձա­կու­թիւն մը ու­նի ա­նի­կա։ Ա­րա­րա­տի բա­ժին լայն հո­րի­զոն­նե­րու կա­րօտ է։

«­Հա­զո­ւա­դէպ կեր­պով, բայց գե­ղեց­կօ­րէն, ո­մանք հայ տա­ռա­պան­քը նկա­րագ­րեր ու շա­տեր մեր երկ­րին ցա­ւը պատ­մեր են մե­զի. սքան­չե­լի եւ հո­յա­կապ է­ջեր ու­նի հայ գրա­կա­նու­թիւ­նը՝ ներշն­չո­ւած ազ­գա­յին դժբախ­տու­թե­նէն։ Ա­հա­րո­նեան տար­բեր է սա­կայն. իր է­ջե­րուն մէջ Զու­լու­մը կը տես­նես, սեւ, դա­րա­ւոր ­Զու­լու­մը, ո­րուն սու­գը կայ ա­մէ­նէն բախ­տա­ւոր հա­յու հո­գիին մէջ իսկ։ ­Տա­ռա­պան­քը մե­զի հետ ծներ է ու ա­նոր դրոշ­մը ճա­կա­տագ­րա­կան եւ անվ­րէպ ձե­ւով մը կը կրենք մեր վրայ… մեր ցա­ւը այս ինչ օ­րո­ւան, այս ինչ ժա­մա­նա­կին, այս ինչ տե­ղին զու­լու­մին հե­տե­ւան­քը չէ, մեր ազ­գա­յին տէրտն է ա­նի­կա, ինչ­պէս ու­րիշ ցե­ղեր ի­րենց ազ­գա­յին հպար­տու­թիւ­նը ու­նին ի­րենց իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տին մէջ։

«Ա­հա­րո­նեան այդ վիշ­տը կ­’ար­տա­յայ­տէ, ա­նի­կա ժա­մա­նակ չու­նի, մաս­նա­ւոր տեղ չու­նի։ Ու այդ ցա­ւը, եր­բեմն մռայլ, ար­հաւ­րա­լից, եր­բեք ող­բա­գին ու խղճա­լի չէ. տա­ռա­պան­քին հպար­տու­թիւ­նը կայ իր խառ­նո­ւած­քին մէջ, վե­րած­նող եւ ըմ­բոստ ցա­ւը, ապ­րե­լու ըն­դու­նակ ազ­գի մը ցա­ւը, յղի՝ կեան­քով, ա­պա­գա­յով…»։