Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Արարողութիւն Գոքինիոյ մէջ

Սփիւռք

Մեր Տի­րոջ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին՝ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի առ­թիւ Չո­րեք­շաբ­թի` 13 Փետ­րո­ւար 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5:30-ին,Գո­քի­նիոյ «Ս. Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պի­տի կա­տա­րո­ւի Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն պի­տի նա­խա­գա­հէ՝

Գերշ. Տ. Գե­ղամ Ս. Արք. Խա­չե­րեան
Յու­նաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ

Ա­րա­րո­ղու­թեան պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ Ա­թէն­քի եւ Նէոս Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը: Ա­ւար­տին, պա­հե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր ա­ւանդու­թիւ­նը, ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ պի­տի վա­ռո­ւի խա­րոյ­կը։
Ուս­տի կը հրա­ւի­րենք հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, ներ­կայ գտնո­ւե­լու Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­րա­րո­ղու­թեան:
Ինչ­պէս նաեւ կը հրա­ւի­րենք ծնող­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց մա­նուկ զա­ւակ­նե­րը բե­րեն ե­կե­ղե­ցի, ըն­ծա­յա­բե­րե­լու հա­մար Ս. Խո­րա­նին:

Ծա­նօթ.- Նոյն ե­րե­կոյ Ա­թէն­քի եւ Նէոս Գոզ­մո­սի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն պի­տի չկա­տա­րո­ւի:

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

«Ազատ օր» (Յունաաստան)