Յարգելու Համար Զոհերուն Յիշատակն Ու Ինքնորոշուածներուն Արժանապատւութիւնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Ֆրանսայի մէջ գործող Հայկական կազմակերպութիւններու աշխատանքները համակարգող մարմինը, իբրեւ միացեալ միաւոր, քաղաքական առաւելներ կ՛արձանագրէ: Համայնքին անունով ներկայանալու իրաւասութիւն ապահոված կառոյց է եւ իբրեւ այդպիսին ներկայացուցչական հանգամանք կը վայելէ, որուն հետ հաշուի կը նստին Ֆրանսայի իրերայաջորդ նախագահներ կամ պետական բարձրագոյն դէմքեր:

Հայկական կողմէն դիտուած, Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման օր հռչակուիլը Ֆրանսայի նախագահին կատարած յայտարարութեան ամէնէն յատկանշական բաժինն է: Ինչ որ բնականաբար կարեւոր առաւել է Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման աշխատանքներուն համար: Աւելի՛ն. Մաքրոնը հրապարակաւ յայտարարած է նաեւ, թէ իր ուժերուն ներած չափով պիտի պայքարի ժխտումի որեւէ դրսեւորումի դէմ, որ կ՛անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատուութիւնը: Պարզ խօսքով` պիտի աշխատի, որ իր պետութիւնը քրէականացնէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:

Հիմա բնականաբար կարելի է մտածել, որ Ֆրանսայի նախագահը հետեւողականութիւն պահելու համար իր հրապարակային յանձնառութիւներուն միջեւ, Ապրիլ 24-ը ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելէ ետք աշխատանքը պիտի կեդրոնացնէ ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացումը ապահովելու վրայ:

Այս բոլորին առընթեր, անհրաժեշտ է նաեւ քաղաքական իրատեսութեան հիման վրայ քանի մը դիտարկումներ արձանագրելը:

Անգարայի հակազդեցութիւնն ու դատապարտանքը հիմնական ազդեցութիւն պիտի չունենան Փարիզ-Անգարա յարաբերութիւններուն վրայ: Քաղաքական գործնապաշտութիւնն ու միջպետական յարաբերութիւններու օրինաչափութիւնները նկատի ունենալով եթէ ոչ արդարանալի, այնուամենայնիւ ըմբռնելի է նաեւ Մաքրոնի կողմէ Էրտողանին ուղղուած հրաւէրը Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակին առիթով: Ասիկա նշելով սակայն տեղին պիտի ըլլայ նկատել հայ համայնքին անունով բարձրացած բողոքը անցեալի թէ ներկայի Թուրքիան խաղաղութեան հետ առնչելու` թէկուզ արարողակարգային շրջագիծի մէջ:

Հայկական միւս ուղղութիւնը այս պարագային` խնամքով անուշադրութեան մատնուած է պաշտօնական Փարիզի կողմէ: Ֆրանսական սպառազինութեան վաճառքը Պաքուին շատ աւելի այժմէական է եւ Արցախին, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան անմիջականօրէն սպառնացող երեւոյթ է եւ նպաստող` Ազրպէյճանի զինուժի արդիականացման:

Զինել պետութիւն մը, որ ցեղասպանական արարքներ վերակազմակերպելու պատրաստակամութիւն փաստած է ինչպէս Արցախի, նաեւ ազրպէյճանական տարբեր քաղաքներու մէջ. որ ապրիլեան կայծակնային պատերազմի ընթացքին չէ վարանած գործադրելու պատերազմական ոճիրներ, որ Թալիշի մէջ կրկնած է սումկայիթեան եղեռնագործութեան արարքները` վերստին համոզելով բոլորը, որ իր մշակած ծրագիրի գործադրութեան պարագային անպայման կ՛իրականացնէր ցեղային զտումի գործողութիւններու շարք մը: Զինել ահաբեկչական եւ ցեղասպանական մղումներ ունեցող պետութիւնը, միւս կողմէ յարգել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատուութիւնը քաղաքական ընկալումով կը համատեղուին գուցէ:

Շարունակելով քաղաքական պրիսմակէ հարցերը դիտարկելու մօտեցումը` յիշենք, որ Փարիզը Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի նման ստանձնած է Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման համար միջնորդական առաքելութեան համանախագահութիւնը: Կարգաւորումի խաղաղ էութիւնը գերակայելով երեք պետութիւններն ալ թէ՛ կը զինեն եւ թէ՛ զինելու յաւելեալ պատրաստակամութիւններ կը յայտնեն կողմերուն: Եւ այս պարագային երեք մայրաքաղաքներէ դիտուած զինումը անպայման պատերազմի պատրաստութեամբ խաղաղութիւն պարտադրելու սկզբունքէն չի բխիր: Այստեղ գերակայ է տնտեսական շահը, պետական շահը, քան լուծման խաղաղ ճանապարհը:

Երեւոյթները մտածել կու տան, որ պաշտօնական Փարիզը  իր երկու գործընկերներուն համեմատութեամբ միեւնոյն աշխուժութիւնը չի ցուցաբերեր արցախեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն:

Փարիզի վերաշխուժացումը կ՛ակնկալուի այս ուղղութեամբ: Յարգելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակն ու ողջերուն արժանապատուութիւնը, պաշտօնական Փարիզը պիտի աշխատի համոզել համանախագահ գործընկերները, որպէսզի աշխատին տագնապի լուծման խաղաղ ճանապարհին վրայ: Իսկ խաղաղութեան հաստատման առաջին երաշխաւորուած պայմանաւորուածութիւնը 1994-ի հրադադարն է եւ այդ հրադադարը յարգել տալու համար շփման գիծի վրայ մշտադիտարկման եւ հետաքննութեան մեքենականութիւններու ապահովումը: Եւ ոչ թէ սպառազինութեան արշաւին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի վարքագիծի որդեգրումը:

Մեր թիրախը պիտի ըլլայ յաջորդ տարեկան ընթրիքին լսել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի ճանաչումի համազօր յայտարարութիւն մը, որպէսզի յարգուին ինքնորոշուելու համար զոհուածներու յիշատակն ու ինքնորոշուածներուն արժանապատուութիւնը: