ՀՀ Վարչապետը Մասնակցած է Տարածքային Կառավարման եւ Զարգացման Նուիրուած Համաժողովին (տեսանիւթ)

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ կառավարութեան նիստերու մեծ դահլիճին մէջ, մասնակցած է «Պետութիւն-համայնք համագործակցութեան նոր ձեւաչափ. ենթակառուցուածքներու զարգացում» խորագիրը կրող համաժողովին:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ համաժողովին կը մասնակցին ՀՀ մարզպետները, մարզպետարաններու պատասխանատուներ, համայնքներու ղեկավարներ, համայնքներու տնտեսական զարգացման հարցերով պատասխանատուներ, ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչներ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով, ուր անդրադարձած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման ոլորտէն ներս կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն:

Գործադիրի ղեկավարը՝ ողջունելով համաժողովին իրականացումը՝ նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կայուն զարգացման գրաւականը մեր համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացումն է: Վարչապետը ընդգծած է՝ համայնքներուն մէջ կուտակուած խնդիրները բազմաթիւ են, որոնց լուծման համար կը պահանջուի սրտացաւ եւ ամենօրեայ աշխատանք, բայց շատ կարեւոր է նախ արձանագրել այն յարաչափերը, որոնց ծիրին մէջ կը պատկերացնենք ամենօրեայ եւ սրտացաւ աշխատանքը:

Համաժողովին ընթացքին կը քննարկուին համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային ենթակառուցուածքներու զարգացման հեռանկարները, նպաստի տրամադրման նոր կարգը, այդ գործընթացին մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի հայաստանեան գրասենեակի հնարաւոր աջակցութիւնը եւ օրակարգային այլ հարցեր։

ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային ենթակառուցուածքներու զարգացմանն ուղղուած նպաստի ծրագիրը համայնք-պետութիւն հորիզոնական համագործակցութեան նոր ձեւաչափ է, որ կ՝ենթադրէ համայնքին կողմէ հիմնական որեւէ ծրագիր ներկայացուելու եւ կառավարութեան կողմէ դրական եզրակացութիւն ստանալու պարագային այդ ծրագիրի արժէքի մէկ մասի համաֆինանսաւորում պետական պիւտճէի միջոցներով։ Պայմանաւորուած յստակ ծրագիրի ոլորտով, առանձնայատկութեամբ, աշխարհագրական դիրքով, ինչպէս նաեւ տուեալ համայնքի ընկերային-տնտեսական իրավիճակի վրայ այդ ծրագիրին ազդեցութեամբ՝ պետական պիւտճէէն կը համաֆինանսաւորուի համայնքներու ենթակառուցուածքներու զարգացման ուղղուած նպաստի ծրագիրներու ընդհանուր արժէքի 30-70 տոկոսի չափով։