Մայր Աթոռը Բնակարաններ Պիտի Յանձնէ Անօթեւան 10 Ընտանիքի

Հայաստան

Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութեան նախաձեռնութեամբ՝ Սպիտակի եւ Գիւմրիի 10 անօթեւան ընտանիք պիտի ստանայ բնակարաններ: Նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ թեմերու նիւթական աջակցութեամբ:

Մայր աթոռի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի ղեկավար Տէր Մարկոս քահանայ Մանգասարեանի տեղեկութիւններով՝ ընտանիքներուն ընտրութիւնը կատարուած է ըստ առաջնահերթութեան: «Հաշուի առնուած է այն հանգամանքը, որ այս ընտանիքները մինչ այս երբեւէ, որեւէ կազմակերպութեան կողմէ բնակարանի փոխհատուցում կամ բնակարան չեն ստացած եւ ունին: Բնակարանները գնելու ժամանակ հաշուի առած ենք նաեւ ընտանիքիներուն կարծիքները»,- մանրամասնած է Տէր Մարկոսը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ ծրագիրը արդէն իսկ աւարտական փուլի մէջ է՝ ընտրուած են ընտանիքները, գնուած են տուները: Յառաջիկային այդ ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին տուներուն վկայականները: Մինչ այդ որոշ ընտանիքներ արդէն կը բնակին այդ բնակարաններուն մէջ: Իբրեւ պարտադիր պայման՝ շահառուները կը հրաժարին տնակէն, եւ այդ տնակը կը քանդուի: Բնակարանները նուէրներ են սեփականութեան իրաւունքով: