Եռագոյն Փետրուար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Թաշճեան

Մեր յոյսի, վերածնունդի ու հերթական ինքնահաստատման եռագոյն Փետրուարն է դարձեալ: Աւարայրով, Փետրուարեան ապստամբութեամբ եւ արցախեան յաղթանակած ազատամարտով օծուած, լաւագոյն տղոց արեամբ ու աստուածային սուրբ միւռոնով կնքուած փետրուար… Մեր քաջերուն ցուցաբերած անձնուիրութեամբ կերտուած կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն փետրուարն է դարձեալ: Անմահներու զուլալ արեամբ օրհնուած ու սրբուած, որբացած, կարօտակէզ, տոկուն ու քաջ մանուկներու մե՛ծն Փետրուար: Շաղախուած ու յաւիտենականութիւն դարձած, անմահներու զուլալ արեամբ, անժամանակ ընդհատուած բազո՜ւմ խրոխտ կեանքերու, խանդաղատանքով ու սիրով լեցուն հազարաւոր չհիւսուած գրկընդախառնումներու, նայիրեան աղջիկներու եւ վահագնածին նահատակներու չապրուած սիրով երգուած, որոտացող, ահեղ ու խրոխտ փետրուարն է դարձեալ: Հիւծուած որդեկորոյս մայրերու ու հայրերու, անմխիթար քոյրերու եւ եղբայրներու, որբացած մանուկներու կարօտի անպատասխան կանչերով յղկուած ու դարբնուած, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը յաւերժացնող ասպետական փետրուարն է դարձեալ:

Խորհրդային կարմիր խաւարն ու սփիւռքի կարգ մը հարուստ գաղութներու զեխութիւնները նոյնիսկ, որոնք խորքին մէջ նոյն տխրահռչակ եղանակին մարդը գազանացնելու տարբեր երանգներն են, մերթ սարսափի մերթ` ցոփութեան մղումով, չկրցան մարել մե՜ծ սիրով ու զոհաբերութեան ոգիով, յոյսո՛վ, հաւատքո՛վ լոյսին, ճշմարտութեան եւ ազատութեան ձգտելու հայ հոգիին խորհը կայծկլտացող անշէջ մղումը: Սասունն ու Վանը, Մուսա Լեռն ու Զէյթունը մեր մէջ ժայթքեցան, որոտացին կրկին,

«Դէպի Երկիր»-ը մեզ վերամիացուց, պատնէշ դարձուց, մարդացաւ մեր մէջ Վահագնը վերստին, հայը Աստուած ճանչցաւ ու Անոր սուրբ ու պայծառ պատկերը արտացոլացուց: Գայլ Վահանն ու Դումանը իջա՛ն երկինքէն եւ կրկին եղեւ ԼՈ՛ՅՍ:

Վաղուց մոխիր դարձեր են թագաւորներ, նախարարներ ու նախագահներ, փոշիացեր է իրենց հետ այն հռչակը, զոր ունէին, իջէ՛ք ժողովուրդին մէջ, կա՛պ հաստատեցէք անոր տարբեր խաւերուն, դասակարգերուն հետ, հարցուցէք անոնց, թէ քանի՞ ազնուականի անուն կը յիշեն, հարցուցէք նաեւ այն ինկած խոնարհ, հերոս տղոց մասին, որոնք կերտեր են ազգին փառքը շատ մը երկարակեաց  թագաւորներու ամրակուռ բանակներուն մէջ ծառայելով: Ժողովուրդը ձեզի պիտի պատասխանէ` երգելով Կարօտի, Գէորգ Չաուշի, ընկեր Աբոյի երգերը եւ այլ բազմահազար երգեր…  Հազուադէպօրէն թագաւորներու նուիրուած երգեր յօրիներ է ժողովուրդը:

Խոնարհութի՜ւն ձեզի, քաջե՛ր, խոնարհութիւն` ձեր անունով մկրտուող արե՜ւ աչուկներով մանուկներո՛ւն, որոնց ճակատներն ու հոգիները օծող սրբալոյս միւռոնին մէջ կան նաեւ կաթիլնե՛ր ձեր վճիտ արիւնէն:

Թող յաւե՛րժ երգէ՜ փետրուարը, թող խառնուի մեր արեան ու շունչին մէջ, պարէ իւրաքանչիւր հայու սրտին տրոփումին կշռոյթով ու ժայթքի մեր աչքերէն որպէս իւրայատուկ ապրելաոճ: Այո՛, ճշմարտութիւն է սա` արիւնոտ դրօշ երգելն այլ բան է, արիւնոտ դրօշին արիւն խառնելը ուրի՛շ:

Եւ լոյս կ՛իջնէ հոգիներուն մէջ այն բոլորին, որոնք եղան անմիջական կրողները մեր ազգային պատերազմին, մեր վերականգնումին, մեր ստրկացած հոգիներուն ապաքինման պայքարին, բի՜ւր բիւրաւոր տաժանքներուն ու ցաւին: Ու կը վերածնին մեր ազգին մէջ բոլո՜ր այն հերոսները, որոնք կեանքի՛, արեա՛ն գնով, պիտի պահպանեն ու հզօրացնեն նախնիներու տառապանքով ու արեամբ ձեռք բերուածը:

Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն փետրուար է ԸՆԴՄԻ՛ՇՏ:

Արագած – Պէյրութ