Քոչարեանը Կալանքի Տակ Պիտի Մնայ. Վերաքննիչը Մերժեց Պաշտպաններուն Բողոքը

Հայաստան

ՀՀ վերաքննիչ դատարանը մերժեց ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները՝ խափանման միջոցի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշումը ձգելով անփոփոխ. Քոչարեանը պիտի մնայ կալանքի տակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, այսօր, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Գլխաւոր դատախազութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան նկատմամբ հսկողութեան վարչութեան ղեկավար Վահագն Մուրատեան:

«Որոշումը հրապարակուեցաւ: Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններուն բողոքները ամբողջութեամբ մերժուած են: Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ»,- ըսած է Մուրատեան:

ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ գործը կը քննէր դատաւոր Մնացական Յարութիւնեան: