Մաքրոն Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Հռչակած է

Աշխարհ, Սփիւռք

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Փետրուար 5-ի որոշումով, Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակած է, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկալակոչելով Euronews.com-ը: Մաքրոն այս մասին յայտարարած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի կազմակերպած ամենամեայ ընթրիքին ժամանակ:

Ան նշած է, որ Ֆրանսան 1915 թուականէն ի վեր ցեղասպանութիւնը կ՛անուանէ յանցագործութիւն մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններու մաս կը կազմէ, ապա Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է յարգուի նաեւ մեր հանրապետութեան մէջ: Ձեզի հետ միասին ես նոյնպէս ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարիմ ժխտման որեւէ դրսեւորման դէմ, որ կ՛անարգէ զոհերուն յիշատակն ու ողջերուն արժանապատուութիւնը», – նշած է ան՝ աւելցնելով, որ այժմ միայն մէկ պետութեան ղեկավար` Թուրքիոյ նախագահը չի կիսեր Ֆրանսայի տեսակէտն ու արժէքները տուեալ ծիրէն ներս:

Մաքրոնի խօսքով, «նախագահ Էրտողան դեռ ամբողջ թուրք ժողովուրդը չէ»: Ֆրանսայի նախագահը նաեւ խոստացած է շարունակել երկխօսութիւնը` պատմական փաստերը լսելի դարձնելու համար. «Ես յստակ կ՛ըսեմ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ամբողջական պատասխանատւութիւնը Թուրքիոյ նախագահին երկխօսութեան հրաւիրելն է»: