Քաթարի Մէջ ՀՀ Դեսպանութիւն Պիտի Բացուի

Աշխարհ, Հայաստան

Քաթարի Պետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն պիտի ստեղծուի. նստավայրը պիտի ըլլայ երկրի մայրաքաղաք Տոհան: Համապատասխան որոշման նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Փետրուար 6-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Դեսպանութեան պահպանման ծախսը կը կազմէ $192,584, որմէ $110,000-ը յառաջիկայ 3 տարուան մէջ պիտի վճարէ քաթարական կողմը, իսկ $82.584-ը պիտի ֆինասնաւորուի ՀՀ ամավարկէն: Ատով պիտի վճարուին դեսպանի եւ մէկ դիւանագէտի աշխատավարձը, դիւանագիտական ծառայութեան հետ կապուած ծախսերու փոխհատուցումները, ինչպէս նաեւ դիւանագէտի բնակարանի վարձը:

Քաթարական կողմը պատրաստ է տրամադրել նաեւ ՀՀ դեսպանութեան համար տարածք եւ դեսպանի համար կեցավայր, երկու ինքնաշարժ:

Հիմնաւորման մէջ կը նշուի, որ հաշուի առնուած է Քաթարի հետ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւնները, այդ երկրի բարձր կենսամակարդակն ու ներդրումային հնարաւորութիւնները, վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ աճ արձանագրող առեւտրաշրջանառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան ժամանող զբօսաշրջիկներու քանակը:

«Որոշման ընդունումը պիտի նպաստէ ոչ միայն Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ քաղաքացիներու գործարար եւ աշխատանքային գործունէութեան խրախուսման, այլեւ նոր սկիզբ պիտի հանդիսանայ ժողովուրդներու հոգեւոր եւ պատմամշակութային արժէքներու փոխճանաչման, երկկողմ համագործակցութեան շարք մը նոր ոլորտներու ուրուագծման եւ զարգացման համար», – ըսուած է հիմնաւորման մէջ: