Կոմիտաս (1869-1935)՝ Հայ Երգի «Անլռելի Զանգակատունը»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խաչիկ Ճանոյեան

«Երգիչի կարողութիւններս մէկ նպատակի կը ծառայեն. իմ մեծ ժողովուրդիս երգն ու երաժշտութիւնը ծանօթացնել երաժշտական աշխարհին եւ ապացուցել, որ հայ ստեղծագործ ժողովուրդը՝ սկզբնական դարերէն ունեցեր է իր ինքնուրոյն երգն ու երաժշտութիւնը»:

 

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

 

Հայց. Առաքելական Մայր եկեղեցին, գլխաւորութեամբ՝ Գարեգին Բ. շնորհազարդ հայրապետին, 2019ին աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ գործող եկեղեցիներով պիտի նշէ Կոմիտաս մեծագործ վարդապետին ծննդեան 150ամեակը եւ պիտի ոգեկոչեն հայ երգի «Անլռելի զանգակատան» անմոռաց յիշատակը:

Կոմիտաս վարդապետ (աշխարհիկ անունով Սողոմոն Սողոմոնեան), ծնած է 1869ին, Քէօթահիա քաղաքը: Հայրը՝ Գէորգ Սողոմոնեան, կօշկակար էր, շատ գեղեցիկ ձայնով օժտուած անձ մը, որ երգեր կը գրէր եւ կը կատարէր, արժանանալով ունկնդիր հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Մայրը՝ Թագուհին, նոյնքան գեղեցիկ ձայնով օժտուած էր: Ան գորգահիւսութեամբ կը զբաղէր:

Սողոմոնի մանկութիւնը շատ տխուր եղած է: Փոքր տարիքին կը կորսնցնէ իր մայրը, քանի մը տարի ետք՝ 11 տարեկանին կը կորսնցնէ հայրը: Փոքրիկն Սողոմոնը ֆիզիքականով շատ տկար եւ մտածկոտ մանուկ մը եղած էր:

1881ին Քէօթահիոյ եկեղեցւոյ վարդապետ Գ. Դերձակեան Էջմիածին կը մեկնէր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան համար: Իրեն հետ կը տանի որբուկ Սողոմոնը, որ թէեւ հայերէն չէր գիտեր, բայց հրաշալի ձայն ունէր. զայն կը տանի Գէորգեան Ճեմարանը՝ զայն սան արձանագրելու:

Էջմիածին հասնելով, Սողոմոնը Գէորգ Դ. վեհափառին կը ներկայանայ: Երբ վեհափառը հարցեր կու տայ փոքրիկին, Սողոմոնը կը պատասխանէ թրքերէնով, թէ ինք հայերէն չի գիտեր: Այնպէս, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն մեծամասնութիւնը՝ հայերէն խօսիլ, գրել, կարդալ չէր գիտեր: «Բայց եթէ կ՛ուզէք՝ կ՛երգեմ», կ՛ըսէ Սողոմոնը վեհափառին, եւ կ՛երգէ հայ եկեղեցւոյ նուիրուած շարականը, խոր յուզում պատճառելով վեհափառին:

Իբրեւ բացառիկ կարգադրութիւն՝ Սողոմոնը Էջմիածինի Դպրեվանքը կ՛ընդունուի իր ձայնին համար: Սակայն մէկ տարուան ընթացքին ան հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ կը սորվի:

Փոքրիկն Սողոմոնը Էջմիածինի մէջ կ՛արժանանայ վեհափառին եւ բարձրաստիճան կղերականներու ուշադրութեան, անոնց սիրոյն ու յարգանքին: Իսկ վանքի այս ժառանգաւորը ոչ թէ ամէն տարի, այլ՝ ամէն օր կը հասուննար եւ կը հրաշագործէր հայ երգի ու շարականներու կատարելագործութեամբ եւ կրօնագիտութեամբ:

Ան 1893ին կը ձեռնադրուի վարդապետ եւ կը ստանայ Կոմիտաս անունը, որ 12րդ դարու ծանօթ Կոմիտաս արուեստագէտին անունն էր:

Կոմիտաս վարդապետ՝ իբրեւ երգի ուսուցիչ, խմբավար եւ երաժշտագէտ, ստեղծագործեց տիւ եւ գիշեր գործելով: Ան բազմաթիւ ճամբորդութիւններ կը կատարէր հայկական գիւղերը եւ հայահոծ քաղաքները այցելելով, հայ երգի ակունքներէն հայ երգը կը հանէր, կը մաքրազտէր եւ ժողովուրդին կը ներկայացնէր, անգնահատելի գանձեր դիզելով հայ երգարուեստի գանձարանին մէջ:

1910ին, Կոմիտաս կը մեկնի Պոլիս: Հոն եւս, հոգեւոր ծառայութեան կողքին կը զբաղի հայ երգով ու երաժշտութեամբ: Կը շարունակէ երգահաւաքի ու երգազտումի իր գործը: Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ 300 անդամներէ բաղկացած «Գուսան» հռչակաւոր քառաձայն ժողովրդական երգչախումբը, որ մեծ համբաւ կ՛ունենայ եւ խանդավառութիւն կը ստեղծէ ժողովուրդին մօտ: Այդ տարիներուն էր որ կը մշակէ Ս. Պատարագի Կոմիտասեան կատարումը, որ մինչեւ օրս կ՛երգուի շարք մը եկեղեցիներու մէջ:

 

ԿՈՄԻՏԱՍ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

 

1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբի օրերուն, մեծն Կոմիտասն ալ կը ձերբակալուի եւ Անատոլիա կը ղրկուի: Հոն էր որ զգայուն սիրտի տէր Կոմիտասը կը տեսնէ հայ մեծամեծ գրողներու, գործիչներու, կղերականներու հաւաքական չարչարանքները, դժբախտութիւնը, որոնք խորապէս կ՛ազդեն երիտասարդ կղերականի հոգիին, միտքին ու սիրտին վրայ: Այդ բոլոր սրտաճմլիկ տեսարանները տանիլ չկարենալով, կը խելագարի մեր անմահն Կոմիտասը, եւ ազդեցիկ մարդոց միջամտութեամբ Փարիզ կը տարուի բուժուելու: Սակայն այլեւս բուժումի ոչ մէկ յոյս կար եւ 1935ին իր մահկանացուն կը կնքէ հայ երգի ու երաժշտութեան այս երախտաւոր վարդապետը: Հանգուցեալին մարմինը Հայաստան կը տարուի եւ կը թաղուի հայ մեծանուն արուեստագէտներու Պանթէոնին մէջ, ժողովրդային ծովածաւալ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ աշխարհի զանազան շրջաններէն ժամանած մեծ արուեստագէտներու ներկայութեամբ:

 

ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՐԴԸ

 

Կոմիտասի կենսագրական գիծերու այս ամփոփումէն ետք կ՛ուզէի յիշել, որ այս խոհուն, լուրջ, խիստ եւ պահանջկոտ կղերական-մանկավարժը, իր ազատ եւ հանգիստ ժամերուն, ընկերներու եւ բարեկամներու շրջանակին մէջ, զուարճախօս, կատակաբան, վառվռուն անձ մըն էր: Զինք մօտէն չճանչցողները մեծ երգահանին մասին զարմանքով կ՛ըսէին, թէ ան արտակարգօրէն հաճելի սրախօս էր:

Կոմիտասին մօտէն ճանչցողներ կ՛ըսէին, որ ան բնաւ բարկանալ չէր գիտեր: Ամենալուրջ խօսակցութեան մէջ ալ Կոմիտաս վարդապետ կատակ մը կամ թեթեւ զուարճախօսութիւն մը կը խառնէր այդ խօսակցութեան:

Գրուած է, որ Կոմիտաս ուշադրութիւն կը դարձնէր բառերու շեշտադրութեան վրայ: Ան միշտ կը ծաղրէր այն դպիրները, սարկաւագները կամ կղերականները, որոնք տարօրինակ շեշտեր կը դնէին վանկերու վրայ, որոնց շեշտադրութեան կարիքը չկայ:

1913ին, Պոլսոյ Սուրբ Հրեշտակապետ Մայր տաճարին մէջ նստած Ս. պատարագի երգեցողութեան կը հետեւէր: Երբ դպիրը կը սկսի թրքական շարքիներու եւ նանիներու պէս «քաշել» «ազատութիւն» բառը, Կոմիտաս չի հանդուրժեր…: Ս. պատարագի աւարտին, Կոմիտաս վարդապետ կը մօտենայ դպիրին կատակով, բայց լուրջ շեշտով կ՛ըսէ. «Տօ՛, զուռնաճի, մի՞թէ կարելի է այդ աստիճան չարչարել մարդկային ազատութիւնը: Եթէ ես Աստուծոյ տեղը ըլլայի, այդ տեսակ ազատութիւն խնդրող մարդուն ստրկութիւն կը շնորհէի»:  Բազմաթիւ դէպքեր, պատումներ կան Կոմիտաս վարդապետի կատակաբանութիւններուն, սրախօսութիւններուն եւ մանաւանդ հաւաքոյթներուն մասին, ուրախ առիթներու անոր շէն ու շէնշող կեանք սփռող ներկայութեան մասին:

Կոմիտաս վարդապետ ազատ ժամերուն նարտի խաղալ շատ կը սիրէր, եւ միշտ իր մրցակիցը շատ լաւ խաղացող պիտի ըլլար, որ անոր հետ նարտի խաղալու նստէր: Երբ յաղթէր, անմիջապէս պարտուողին կ՛ըսէր. «Դէ գնա՛ պապայիդ բարեւ տար եւ սորվէ նարտի խաղալ»: Իսկ պարտութեան պարագային, միշտ նարտին կը ձգէր եւ արագ մը կ՛անհետանար՝ ըսելով. «Շատ գործ ունիմ ընելիք»:

***

Կոմիտասի մեծագոյն առաքելութիւնն էր ցոյց տալ, որ հայը ունի իր ինքնուրոյն ազգային խոր ակունքներէն բխող հայ երգ ու երաժշտութիւն: Եւ ասիկա փայլուն ձեւով ներկայացուց աշխարհի շատ մը ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն: Ան հայ երգը բազմիցս տարաւ Եւրոպա, երգչախմբային կամ առանձին ելոյթներ ունենալով ամենայայտնի համերգասրահներու մէջ եւ հայ երգի սիրով համակեց օտար բազմաթիւ մեծանուն արուեստագէտներու հոգիները եւ արժանացաւ անոնց հիացմունքին եւ բարձր գնահատանքին:

Բազմաթիւ դէպքեր, կան Կոմիտաս վարդապետի կատակաբանութիւններով, սրախօսութիւններով եւ մանաւանդ ձայնի քաղցրութեան մասին պատումներ, որոնք մեր գրականութեան անթառամ գանձերն են: Այդ բոլորը՝ նշեալ գրութիւններուն մէջ յիշուած եւ գնահատուած են արուեստի բազմաթիւ տիտաններու կողմէ, որոնք ամենաջերմ խօսքերով եւ բառերով գնահատած են մեր անմահ Կոմիտասի գործերը:

Կոմիտասին եղած են զանազան առաջարկներ իրենց մօտ գործելու, Գերմանիոյ մէջ ուսանող եղած շրջանին, Պուլկարիոյ թագաւորութեան կողմէ եւ այլն: Կոմիտաս բոլորն ալ մերժած է՝ ըսելով. «Ես վարդապետ եմ, իմ տեղս հայ եկեղեցին է»:

Կոմիտաս, ականատեսը ըլլալով իր գործի յաղթանակին, երբ հարց կու տան իրեն այդ մասին՝ իր գործը մեծագոյն յաջողութեամբ պսակած մարդու մը գոհունակութեամբ կ՛ըսէ. «Ամէնէն աւելի զիս յուզեց այն բանը, որ օտար հեղինակաւոր երաժշտագէտներ, լսելով իմ բացատրութիւնները՝ երգերը հասկցան եւ համոզուեցան որ աշխարհի վրայ կայ հայ երաժշտութիւն ինքնատիպ եւ ինքնուրոյն այնպէս, ինչպէս հայ լեզուն եւ հայ կեանքը, մինչդեռ մեր ժողովուրդը դեռ կը տարակուսի, թէ ինքը լեզու ունի՞, երաժշտութիւն ունի՞, կեանք ունի՞»: