Փենթակոնը կը Գնահատէ Պաշտպանութեան Ոլորտէն Ներս Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ պաշտպանութեան բաժանմունքի ղեկավարի փոխտեղակալ Լաուրա Քուփըր, ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, մասնակցած է Հայոց բանակի կազմաւորման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնակատարութեան:

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ իր ելոյթին ընթացքին՝ Քուփըր գնահատած է հայկական զինուած ուժերուն ներդրումը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ: Ան ընդգծած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը Աֆղանիստանի մէջ «Վճռական աջակցութիւն» խաղաղապահ առաքելութեան եւ ընդգծած, որ Հայաստանը այն երկիրներէն է, որոնք, չըլլալով ՆԱԹՕ-ի անդամ, Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի ուժերու կազմէն ներս կ՝իրականացնեն  խաղաղապահ առաքելութիւն:

Լաուրա Քուփըր հպարտութեամբ խօսած է Հայաստանի զինուած ուժերու եւ Քանսասի ազգային պահակազօրի 15-ամեայ համագործակցութեան մասին: Եզրափակելով ելոյթը՝ Լաուրա Քուփըր ցանկութիւն յայտնած է Հայաստան այցելելու, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս կապերը խորացնելու ուղիներ որոնելու, ազատ եւ զարգացող Հայաստանին աջակցելու, միջազգային եւ համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման հարցով համատեղ աշխատելու վերաբերեալ: