Համայնքը Միասնաբար Կը Դատապարտէ Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արա Խաչատուրեան

«Ասիկա համազօր է նացիներու սուասթիքան հրէական վարժարանի մը վրայ դնելու քայլին». Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Քորեթց այսպէս բնութագրեց անցեալ Երեքշաբթի վաղ առաւօտուն Ֆերահեան Ազգային եւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան  վարժարաններու պատերուն վրայ անյայտ անձերու կողմէ թրքական դրօշակներ փակցնելու արարքը: Ոստիկանութիւնը այս արարքը կը նկատէ ատելութիւն արտայայտող ոճիր:

Քորեթց՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ ոստիկան ու կրթական պաշտօնատարներու ու պատասխանատուներու հետ, Երեքշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, որ լայնօրէն արձագանգ գտաւ տեղական զանգուածային լրատուական միջոցներու մօտ:

Ասուլիսը, որ կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման նպատակով կազմուած Միացեալ յանձնախումբին կողմէ, տեղի ունեցաւ Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Յանձնախումը կը համախմբէ համայնքին մէջ գործող 18 միութիւններ:

Երկու վարժարաններու տնօրէնութիւնները ձեռնարկած են բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու, ապահովելու համար իրենց աշակերտներուն անվտանգութիւնը:

Ասուլիսին ընթացքին խօսք առաւ ոստիկանութեան գնդապետ Էրնեսթ Էսքրիճ, Արեւմտեան հովիտի ոստիկանական բաժանմունքի հրամանատարը: Գնդապետը յայտնեց, որ առաջին յարձակումը կատարուած է Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 2:30ին, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին դէմ, որմէ երկու ժամ ետք, կատարուած է երկրորդ յանցագործութիւնը՝ Ֆերահեան վարաժարանին դէմ: Ոստիկանութիւնը բծախնդրութեամբ կ՛ուսումնասիրէ ձեռք ձգած տեսաերիզները՝ բացայայտելու համար յանցագործը:

0131vandalism1

«Մենք իսկապէս յանձնառու ենք ապահովելու համար հայ համայնքի անվտանգութիւնը», յայտարարեց ոստիկանապետը, գնահատելով երկու դպրոցներու տնօրէնութեանց ձեռնհասութիւնը՝ տագնապը դիմագրաւելու ընթացքին:

Ասուլիսին ընթացքին ելոյթ ունեցան Լոս Անճելըսի քաղաքային դատախազ Մայք Ֆիւըր: Ան միանշանակօրէն դատապարտեց արարքը եւ գնահատեց դպրոցներու պատասխանատուները, որոնք յաջողած էին այս առիթով իրենց աշակերտներուն ճիշդ եւ ուսանելի պատգամ մը փոխանցել:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ, որ կը ներկայացնէ Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի շրջակայ տարածքի բնակչութիւնը:

Խօսք առին նաեւ Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն Սօսի Շանլեան եւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէն Արփի Ավանեսեան: Ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի փոխառաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծուխի Ա. քահանայ Ռազմիկ Խաչատուրեան եւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան:

Ասուլիսը վարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:

«Մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ հասկնան անցեալի յանցագործութիւնը, եւ բոլորս կրնանք ունենալ լուսաւոր եւ երջանիկ ապագայ: Մենք յոյս ունինք, որ օր մը Թուրքիան պիտի հասկնայ, թէ ինչ ըրած է իրենց կառավարութիւնը 100 տարի առաջ», ըսած է Յովսէփեան:

Ուսումնական օրուան աւարտին՝ «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի աշակերտները դպրոցի բազրիքներուն եւ դարպասներուն փակցուցած են Հայաստանի դրօշը:

Նշենք, որ Լոս  Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւս դատապարտած է հայկական դպրոցներու դէմ կատարուած այս յարձակումը:

«Մշտական կապի մէջ եմ Լոս Անջելեսի քաղաքային իշխանութիւնների հետ՝ հետամուտ լինելով այս հարցին եւ ոստիկանութեան կողմից իրականացուող հետաքննութեանը: Մենք սատար ենք կանգնում լոսանջելեսահայ համայնքի դրսեւորած միասնական կեցուածքին այս հարցում», յայտարարած է գլխաւոր հիւպատոս Բայբուրդեան:

0131vandalism2