Լոս Անճելըսի Ոստիկանութիւնը Կը Հետաքննէ Հայկական Դպրոցներու Դարպասներուն Թուրքիոյ Դրօշներ Փակցնելու Միջադէպը

Աշխարհ, Սփիւռք

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է հայկական երկու դպրոցներու դարպասներուն՝ անյայտ անձերու կողմէ Թուրքիոյ դրօշներ փակցնելու միջադէպերուն առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Los Angeles Times-ը։

Ոստիկանութեան եւ դպրոցներու ներկայացուցիչներուն խօսքերով՝ անյայտ անձեր, Երեքշաբթի առաւօտեան, հայկական 2 դպրոցներու դարպասներուն փակցուցած են Թուրքիոյ դրօշներ:

Ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ միջադէպերը, որոնք յառաջացուցած են Լոս Անճելըսի հայկական համայնքին անհանգստութիւնը եւ վրդովմունքը: Կը նշուի, որ շատերը հայկական դպրոցներու դարպասներուն՝ Թուրքիոյ դրօշը կախելը կը նկարագրեն իբրեւ ատելութեան գործողութիւն, որ միտուած է հայկական համայնքին մէջ վախ սերմանելուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վարկաբեկման:

Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տեսաձայնագրութիւնները եւ կը ծրագրաւորէ զօրացնել հսկողութիւնը դպրոցներուն շրջակայքը:

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցի տնօրէն Արփի Աւանէսեան ընդգծած է, որ իրենց համար անակնկալ եղած է դպրոցի դարպասին Թուրքիոյ դրօշներ տեսնելը: «Մենք նման բան չէինք սպասեր: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ մտածած է այդ մարդը: Ինչո՞ւ այսօր, ի՞նչը ստիպած է անոնց ընել ատիկա»,- ըսած է ան:

ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան, իր հերթին, յայտնած է, որ Լոս Անճելըսի «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի դարպասներուն եւս Թուրքիոյ դրօշներ փակցուած եղած են. դպրոցը հիմնադրուած է շուրջ 60 տարի առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներու կողմէն:

Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան մամուլի խօսնակ Ճեֆրի Լին յայտնած է, որ նշեալ միջադէպերը արձանագրուած են իբրեւ ատելութեան հողի վրայ իրականացուած յանցագործութիւն:

Յունուար 29-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ՝ խումբ մը պաշտօնեաներ՝ իշխանութիւններուն կոչ ըրած են գտնելու եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու կասկածեալը:

Երկու դպրոցներուն մէջ ալ դրօշները փակցուած են մինչեւ աշակերտներուն ժամանումը: ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան ըսած է, որ տեսաձայնագրութիւններուն մէջ կ՝երեւի, որ դպրոցներուն դարպասներուն դրօշները փակցուցած են ամբողջութեամբ սեւ հագած 1 կամ 2 մարդ: «Մենք կ՝ուզենք, որ մարդիկ հասկնան անցեալի յանցագործութիւնը, եւ բոլորս կրնանք ունենալ լուսաւոր եւ երջանիկ ապագայ: Մենք յոյս ունինք, որ օր մը Թուրքիան պիտի հասկնայ, թէ ինչ ըրած է իրենց կառավարութիւնը 100 տարի առաջ»,- ըսած է Յովսէփեան:

Քոնկրէսական Պրէտ Շըրման եւս դատապարտած է տեղի ունեցածը  եւ իրաւապահ մարմիններուն կոչ ըրած է արարքին հեղինակները ձերբակալելը դարձնել առաջնահերթ խնդիր:

Ուսումնական օրուան աւարտին՝ «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի աշակերտները դպրոցի բազրիքներուն եւ դարպասներուն փակցուցած են Հայաստանի դրօշը: