Ատելութեան Դրսեւորման Դատապարտման Հարցով Ես Հայ Համայնքի Կողքին Կանգնած Եմ. Ադամ Շիֆ

Աշխարհ, Սփիւռք

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ադամ Շիֆ, Դիմատետրի իր էջին վրայ անդրադարձած է Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցներու նկատմամբ կատարուած վայրագութեան: Ինչպէս ըսած էինք, Յունուար 28-29 լուսցող գիշերուան ընթացքին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի եւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի դարպասներն ու կրթական հաստատութեանց տարածքին փակցուած էին Թուրքիոյ դրօշներ:

«Այս դպրոցներ կը յաճախեն Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածներու ժառանգները: Ատելութեան դրսեւորման դատապարտման հարցով ես կանգնած եմ հայ համայնքի կողքին»,- գրած է քոնկրէսականը:

Ան յոյս յայտնած է, որ իշխանութիւնները պիտի յաջողին պարզել կասկածեալներուն ինքնութիւնը եւ յետագային պիտի կարենան կանխել նմանատիպ միջադէպերը: