Փոքր Հայաստանի Համար Տաւոսի Համաժողովը Համաշխարհային Ցատկահարթակ է. Le Figaro

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Փոքր Հայաստանի համար Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովը համաշխարհային ցատկահարթակ է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Հայաստանի մասին յօդուածը այսպէս վերնագրած է ֆրանսական յատնի Le Figaro պարբերականը, որ Տաւոսի մէջ հանդիպած եւ խօսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

«Ինծի համար սա հնարաւորութիւն է ներկայացնելու խոշոր միջազգային ներդրողներու այն հնարաւորութիւնները, որոնք մեր երկրին մէջ ստեղծուած են թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք: Կարեւոր է միջազգային գործարար-հասարակութեան ըսել, որ ժողովրդավարական յեղափոխութենէն ետք մենք կ՛իրականացնենք տնտեսական յեղափոխութիւն»,- ֆրանսական պարբերականի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Le Figaro-ն կը նշէ, որ Փաշինեան հաստատակամ է նոր հարկային օրէնսգիրք ընդունելու, երկրին մէջ մենաշնորհներուն վերջ տալու, փտածութիւնը վերջնականապէս արմատախիլ ընելու հարցով: ՀՀ վարչապետը, մասնաւորապէս, կը ցանկայ ներդրողներ ներգրաւել զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, ուժանիւթի վերականգնուող աղբիւրներու գործին մէջ: Ֆրանսական պարբերականի հետ զրոյցին ան նաեւ յայտնած է, որ 2019 թուականի Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովը, որուն ներկայ պիտի ըլլան հազարաւոր մասնակիցներ ողջ աշխարհէն:

Le Figaro-ն կը գրէ, որ Տաւոսի մէջ Փաշինեան հանդիպած է ոչ միայն e-Bay, Mitsubishi կամ Apple-ի նման խոշոր ընկերութիւններու, այնպէս ալ տարբեր երկիրներու ղեկավարներու, որոնց մէջ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: