Թուրքիոյ Մէջ Գանձագողերը Յատուկ Ամսագիր Սկսած են Հրատարակելու Հայերու եւ Յոյներու Ոսկիները Աւելի Դիւրին Գտնելու Համար

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ գանձագողերը արդեն ունին իրենց ամսագիրը, ուր կը կիսուին հայերէ ու յոյներէ մնացած ոսկիներու ու թանկարժէք իրերու թաքստոցներու տեղի մասին մանրակրկիտ տեղեկութիւններով, ատոնք ճիշդ փնտռելու եւ գտնելու «մեքանիզմներով»: Այս մասին՝ ըստ «Թերթ»-ին՝ կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը:

Կը նշուի, որ 25 լիրա արժէքով ամսագիրը արդէն վաճառքի հանուած է առցանց: Գնորդներուն կ՛առաջարկուի նաեւ առաքում, իսկ գովազդին մէջ կը նշուի, որ ամսագիրը պատրաստուած է «այս գործին մեծ սիրահարներուն կողմէ»:

Նման նախագիծի անարգել տարածումը խստօրէն քննադատած են Թուրքիոյ հնագէտներու միութեան անդամները: Միութեան նախագահ Սոներ Աթեշօղուլլարը կը նկատէ, որ ամսագիրը կը նպաստէ երկրի օրէնքով արգիլուած պեղումներու դէպքերու տարածման:

«Ցաւօք, մեր օրէնքներուն մէջ առկայ բացթողումները պատճառ կը դառնան երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման: Նախապէս միութիւն հիմնած գանձագողերը հիմա ալ ամսագիր կը հրատարակեն, մենք իսկապէս զարմացած ենք», – ըսած է Աթեշօղուլլարը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ գանձագողերու գործողութիւններուն պատճառով ամէն տարի կը քանդուին բազմաթիւ եկեղեցիներ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններ ու նոյնիսկ հին գերեզմանատուներ: