Բակo Սահակեան Հանդիպում Ունեցած է ՀՅԴ Ներկայացուցիչներու Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունուար 25-ին, ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եւ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան տեղեկութիւններով՝ նախագահ Սահակեան շնորհաւորած է Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Արմէն Ռուստամեանը՝ Բիւրոյի անդամ ընտրուելուն առիթով, մաղթած անոնց արդիւնաւէտ աշխատանք ու ամենայն բարիք:

Բակօ Սահակեան յոյս յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը այսուհետեւ եւս յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Արցախին՝ գործուն մասնակցութիւն ունենալով մեր հանրապետութեան զարգացման ու զօրացման մէջ:

Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: