Ցայգալոյս. Աւելի՛ Կենսունակ, Աւելի՛ Զօրաւոր

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ժագ Յակոբեան

Կը գտնուինք ՀՅԴ ԼԳ. Ընդհանուր ժողովի սեմին: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին հայկական հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը ամբողջականօրէն սեւեռուած պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովին վրայ, որ կը ներկայացնէ կուսակցութեան կամքը: ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին պատգամաւորները կոչուած են առարկայականօրէն, պատմութեան առջեւ մեծագոյն պատասխանատուութեան զգացումով ու 128-ամեայ երթը շարունակելու լրջութեամբ քննելու նախորդ քառամեակին կուսակցութեան թէ հայ ազգային կեանքին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները եւ բացթողումները, բայց` առարկայական ու անաչառ գնահատականը ներկայացնելէ ետք անցնող ժամանակաշրջանին. անոնք կոչուած են ճշդելու նաեւ յաջորդ չորս տարիներուն համար կուսակցութեան որդեգրելիք նոր ռազմավարութիւնը:

Ընդհանուր ժողովը պիտի գայ ճշդելու կուսակցութեան նոր ընելիքը` ամբողջութեամբ նոր պայմաններու մէջ, այս նոր պայմաններն ալ կ՛ենթադրեն ամբողջութեամբ նոր գործելաձեւ: Նոր կացութիւնը գլխաւորաբար պայմանաւորուած է նախորդ տարուան ապրիլ-մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ ծաւալած թաւշեայ յեղափոխութեան յառաջացուցած փոփոխութիւններով եւ 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններով, որոնց արդիւնքներուն հիման վրայ ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով,  ՀՅ Դաշնակցութիւնը դուրս կը մնայ Հայաստանի Ազգային ժողովէն:

Ուրեմն, Ընդհանուր ժողովը պիտի գայ ստեղծուած այս նոր կացութեան համար պատասխաններ գտնելու: Պատասխաններ, որոնց ուրուագծման նախանշանները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են գետնի վրայ: Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ փուլին, յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ընթացքին պիտի ըլլայ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժ, եւ ըստ այնմ, այդ հանգամանքով պիտի ներկայանայ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր իշխանութիւններուն, ե՛ւ հանրութեան:

Սփիւռքի պարագային ալ նոր կացութիւններ ստեղծուած են: Միջին Արեւելքի մէջ հայութիւնը օրէ օր կը կորսնցնէ իր դիրքերը` մնայուն արտագաղթին եւ Սուրիոյ տագնապին առթած բազում դժուարութիւններուն պատճառով: Արեւմտեան հայագաղութներուն մէջ ալ կացութիւնը երբեք յուսալի չէ, ուծացումը, ձուլումը գլուխ առած ու գացած են, նահանջը ամէն քայլափոխի կը զգացնէ ինքզինք` երգով թէ առանց երգի:

Ուրեմն հոս, այս մակարդակին վրայ ալ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը ըսելիք ունի, եւ ակնկալութիւնները շատ մեծ են անկէ: Իբրեւ Հայ դատը իր հիմնական ընելիքներէն մէկը դարձուցած կուսակցութիւն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս` նախորդ տասնամեակներուն, նոյնպէս ալ ներկայիս իր ընդհանուր ռազմավարութիւններուն մէջ չէր կրնար եւ չի կրնար անտեսել հայաստանամերձ հայագաղութները` իբրեւ ազգային Դատի հետապնդման հիմնական կռուաններ: Հետեւաբար ալ միջինարեւելեան հայագաղութներուն վերակենսունակացումը, վերաշխուժացումը, վերաթարմացումը բոլոր մարզերուն մէջ կը ներկայանայ իբրեւ յոյժ կարեւոր առաքելութիւն: Իսկ Միջին Արեւելքէն դուրս գտնուող հայագաղութներուն պարագա՞ն: Յստակ է, որ գործ ունինք բաւական ընդարձակ, անորոշ ու բարդ հասկացողութեան մը հետ, որուն հետ դժբախտաբար չենք կրցած վարուիլ պէտք եղած լրջութեամբ` անցնող տասնամեակներուն ընթացքին: Մէկ կողմէ կայ աւանդական սփիւռքը, որ յայտնի է իր դասական կազմակերպական կառուցուածքով` ազգային կուսակցութիւններ, եկեղեցի եւ այլն, եւ որ ապահայկականանալու շատ մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է, միւս կողմէ` կայ նոր սփիւռքի հասկացողութիւնը. այս նոր սփիւռքը ինքնըստինքեան անկազմակերպ մեծ քաոս մը կը ներկայացնէ, քաոս մը, որ կոչուած է աւելի արագ կշռոյթով ապահայկականանալու, քան` դասական սփիւռքը:

Երկու պարագաներուն ալ հայ քաղաքական մտքին առջեւ դրուած է անմիջական մարտահրաւէր` 21-րդ դարուն համահունչ ոգիով վերակազմակերպելու հայկական սփիւռքը, գոյութիւն ունեցող քաոսին տալու յստակ դիմագիծ, այն հայագաղութներուն մէջ, ուր կառոյցներ չկան, ստեղծելու կառոյցներ: Եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ քաղաքական միտքի յառաջատար ուժ, պարտի ձեռնոցը աւելի մեծ վճռակամութեամբ վերցնել:

Դիւրին մարտահրաւէր մը չէ ասիկա երբեք: Կապ ունի ազգի համրանքին երկու երրորդին հետ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով եւ հետագայ տասնամեակներուն զանազան ուրիշ, մանաւանդ ընկերային-տնտեսական պատճառներով հայրենիքէն դուրս կ՛ապրի: Այս հսկայական համրանքին տիրութիւն ընելու, անոր քաղաքական ուղղուածութիւն տալու, զայն քաղաքականացնելու խնդիրին առջեւ կը գտնուինք մենք հիմա, եւ սփիւռքի կազմակերպման այս ընթացքը վստահաբար շատ մեծ ճիգեր պահանջող աշխատանք է:

Ինչո՞ւ վերակազմակերպում եւ անկազմակերպ հայագաղութներու` կազմակերպման կառոյցներով օժտուած, վասն ինչի՞: Մենք ազատ ու անկախ հայրենիք ունինք: Սփիւռքի հայագաղութներու վերաշխուժացումը, վերաթարմացումը, անկազմակերպ գաղութներու կազմակերպումը նախ եւ առաջ կը նպաստէ աշխարհով մէկ տարտղնուած ազգային ներուժի հաւաքագրման, ներուժ մը, որ իր կարգին պարտի ծառայեցուիլ մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքի հզօրացման եւ անոր դիրքերուն արմապնդումին, անկախ անկէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ինչպիսի՛ իշխանութիւններ կը տիրեն:

Ըսինք արդէն` ՀՅ Դաշնակցութեան ԼԳ. Ընդհանուր ժողովէն մեծ ակնկալիքներ կան: Կան եւ պէտք է ըլլան հսկայական ակնկալիքներ յառաջիկայ փուլին Հայ դատը եւ հայ ազգային պահանջատիրութիւնը առջեւ տանելու, հատուցման թղթածրարը առջեւ տանելու իմաստով: Վերը արդէն հպանցիկ ակնարկեցինք ներհայաստանեան քաղաքական օրակարգին: Վստահաբար, հաշուի առնելով նոր կացութիւնները, Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ փուլին համար կը վերահաստատէ իր սկզբունքային դիրքորոշումները` պայքարելու հայրենիքի մէջ յանուն ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան, մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման, եկամուտներու աւելի արդար բաշխման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Ժամանակն է: Ժամանակն է ամուր պահելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական աւանդները, կառչելով անոնց` միաժամանակ վերանորոգ շունչով նոր էջ մը բանալու: Ըլլալու հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած մեր ժողովուրդին ու անոր պահանջներուն կողքին, մեր ծրագիրները եւ ընելիքները բխեցնելու այդ պահանջներէն: Բայց նաեւ ժամանակն է,  ժամանակն է, որ հայրենաբնակ թէ սփիւռքացած մեր ժողովուրդը տեսնէ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական ամբողջ փայլքը, տեսնէ գաղափարական եւ քաղաքական այն ուժը, որուն գործունէութեան առանցքը ամբողջական հայրենիքն է` ամբողջացած ազգով, ինչպէս նաեւ` շօշափելի կերպով զգալու այս կուսակցութեան ազգային, յեղափոխական, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական էութիւնը, զգալու, որ այս կուսակցութիւնը որեւէ զոհողութեան առջեւ կանգ չ՛առներ` հասնելու համար ազգային իղձերու կենսագործումին:

Եւ ուրեմն, վերանորոգուած, աւելի կենսունակ, աւելի զօրաւոր, մեր ժողովուրդի տաք շունչը` մեր թիկունքին, մեր ձեռքերն ալ` ժողովուրդի բազկերակին: