Կարօ Փայլանի Գրութիւնը՝ Թուրքիոյ Մէջ Առկայ Տնտեսական Ճգնաժամին Մասին

Աշխարհ

Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան կողմ առաջադրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Twitter-ի իր էջին գրած է Թուրքիոյ մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամին մասին:

 

Փայլան նշած է, որ այդ վիճակէն կարելի է դուրս գալ միայն ժողովրդավարական եւ տնտեսական հիմնաւոր փոփոխութիւններու միջոցով:

 

«Տնտեսական ճգնաժամի մէջ ենք, գործազրկութեան մակարդակը հետզհետէ կ՝աճի, ներդրումներու ծաւալը կը նուազի, արդիւնաբերութեան ծաւալը նուազած է 6,5 տոկոսով»,- գրած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորը: